Թէոդորոս Ռշտունի

- -
- 100%
- +
Շփոթած էր ծեր զիովորը. տղան երբ կշտացաւ մայրիկը կը հարցնէր. իսկ պառաւը` ասպատակեն լուր կը հարցնէր. ուստի կարճ կապելու համար հրաժարական բաբէ մը տուաւ պառաւին, հեծաւ ձին եւ քանի մը ժամուան մէջ հասաւ Կ'աղզուան: Արփենի չիմացաւ այս ճանապարհորդութիւնը, վասնզի մեծ մասը քնացաւ եւ երբ հասան աչքերը բացաւ տեսաւ կանայք եւ աղջիկներ, որ զինք դրկէ գիրկ կը յափշտակէին, մէկը իր խաժուկ աչքերը կը գովեր, միւսը թուշերը կը պագնէր, վերջապէս փոքր տարեկից տղայք նաեւ իրեն հետ սկսան խաղալ. ուստի աղջիկը լաւ զբաղած էր այս կէս գիւղացուոյ, կէս քաղաքացուոյ` տան մէջ, որ Զաւէնի տունն էր: Իսկ Զաւէնի կինը, որ լաւ կը ճանչեր իւր էրկան բնաւորութիւնը եւ շատ խելօք կին էր, առաջ բան չի հարցուց, իսկ երբ առանձին մնացին, սկսաւ հարցնել թէ ի՞նչ էր այդ դառնութիւնը, թէ ստոյգ էր արաբաց Կոգովիտ ասպատակելը, թէ վտանգ կա՞ր իրօք Մամիկոնեան Տիկնոջ համար: Այն ատեն Զաւէն պատմեց համառօտիւ թէ ինչպէ՞ս ինք Սուրէնի եւ Գրիգորի հետ հրաժարելով Թէոդորոսէ, քանի որ Վարդանաբերդի կը մօտենային` անհանգիստ լինելով ամրոցին վիճակին վրայ եւ տեսնելով, որ Գրիգոր եւ շատերը յոգնած էին, որոշեց ժամ առաջ երթալ եւ յայտնելով առջի իրիկվնն` կէս-գիշերուն ճամփայ ելած հասեր էր Վարդանաբերդի մօտ, եւ հեռուանց տեսնելով խուռն բազմութիւն եւ զինուց փայլ` վտանգ մը երեւակայելով լճին ճամփան բռնէր սկսէր էր մօտենալ, եւ տեսնելով հեռուանց կին մը եւ աղջիկ մը մակոյկին մէջ, որ դէպի կղզին կը դիմէին, եւ իմանալով թէ Բիւրեղ տիկին ինքն էր, երբ հնարք կը մտածէր զինքն ազատելու եւ արդէն նետահար ըրած էր խափշիկը, որ կը հալածէր, տեսեր էր մօր եւ զաւկին ջուր նետուիլն եւ անհետանալը, ուստի ալս տղեկը միայն ազատելով կ'ուգար մահն ի սիրտ: Խեղճ զինուորը կը պատմէր եւ կուլար. բարի կինը մտիկ ընելով ջուրի պէս արցունք կը թափէր, երկուքն էլ միասին կը յիշէին Տիկնոջ ազնիւ սիրտը, չուր առաքինի վարմունքը, հեզ հոգին: Նորա ընծաներն էին, որ զարդաբեր էին իրենց տունը, Զաւէն կը յիշէր այն օրերը, որ նա Մամիկոնեանց տան հարս եկած էր եւ սիրելի եղած էր իր քաղցրութեամբ մեծին եւ փոքրին:
– Իսկ դու Հիմա ի՞նչ պիտի ընես, – ըսաւ կինը:
– Ես այս գիշեր կ'երթամ. այդ ճիւաղները կենալու միտք չունին, վասնզի ամրոցին բոցը տեսայ. իշխանիկը կ'երթամ ու կաշխատիմ գտնել եւ իմացնել մօր եւ քրոջ մահը, իմացնել իբր մխիթարութիւն Արփենիին ազատիլը, թէպէտ կորուստները մեծ են, բայ ինչ ընենք: Խե՜ղճ երիտասարդ, ինչպէ՞ս մայրը կը պաշտեր… երբ կ'էրթայինք վերջին անգամ… «Գրիգորս քեզ կը յանձնեմ, Զաւէն հայրիկ…»:
Եւ հեկեկանքը խեղդեցին կորովի ծերուն ձայնը:
Իսկ դուրսը պարտէզը մեծ ուրախութիւն կար. մեծ եւ պզտի տղայք եւ աղջկունք Արփենիի տօնը կը կատարէին. պարտէզին ծայրը Երասխի ափանց նայող բարձրաւանդակին վրայ, գեղջկական կանաչագեղ հովանոցի մը տակ սեղանը կը պատրաստէին, տանտիկինն զբաղեալ էր կերակրոյ պատրաստութեամբ, իսկ Զաւէն յոգնած եւ տխուր խոր քունէ արթնացաւ զօրացեալ, երբ արդէն կէս-գիշերը մօտ էր: Ընթրեաց ժամանակ Արփենի յայտնեց թէ ամրոցեն լաւ էր այս տունը, ուստի կուզեր, որ հոն բերէ Զաւէն հայրիկ` մայրիկը: Երբ ընթրիքը վերջացաւ եւ պզտիկները քնացան, Զաւէն հեծաւ եւ ելաւ դառնալու Վարդանաբերդ:
Կ'էս-գիշերուան մօտ էր, աշնան աղօտ լուսին մը տկար լուսով կը լուսաւորէր Կ'ոգովտի լիճը. բերդին հրդեհին մնացորդ բոցը երկրորդ լոյս մը ձգած էր ջուրին վրայ, ուստի մեծ զզուշութեամբ սկսաւ մօտենալ, եւ ամենեւին ձայն չի լսելով` երկայն ժամանակ ուշ դնելէ վերջ իջաւ ձիեն, թողուց, որ արածի, եւ ինք զգուշութեամբ պտոյտ ընելով հասաւ բերդին դռան առջեւ. տեսաւ դռներն ինկած, տեսաւ Մամիկոնեանց պալատը կիսակործան եւ հրօ ճարակ, տեսաւ դիականց կիսախանձ կոյտը ընդարձակ եւ ծառազարդ գաւթին մէջ թողեալ, իմացաւ թէ այդ գեղեցիկ բերդը կատարեալ գերեզման էր դարձել, ուստի ելաւ պարիսպներէն դուրս` սկսաւ լճին հարաւային կողմը երթալ տեսնելու թէ ի՞նչ կայ, հազիւ թէ քանի մը քայլ առաւ դիակ մ՚ալ յօդ պատահեցաւ` անցաւ առաջ ուրիշ մը, ուրիշ մ՚էլ` եւ տասը-տասներկուք մը համրեց, լուսնի լոյսը շատ աղօտ էր, որ կարէնար ճանչել, ուստի քիչ մ՚առաջ որ գնաց, տքալու ձայն մը լսեց, վազեց դէպ այն կողմը: «Ա՜հ, քիչ մը ջուր, ի սէր աստուծոյ, քիչ մը ջուր», – կ'ըսէր հողին վրայ պառկած մէկը: Դարձաւ մտաւ բերդը, վազեց դռնապանաց աշտարակին տակի սենեակը, ուր փոքրիկ աղբիւր մը կար, հոն հողէ հա,սարակ ամաններ կը գտնուէին, առաւ լցուց եւ քիչ մը տուաւ, որ խմէ. մարդը երբ ոգի առաւ, այն ատեն`
– Որդեակ, դու ո՞վ ես, – հարցուց:
– Թադոսի որդի Տրդատն եմ, – ըսաւ վիրաւորը:
– Դու իշխաններուն հե՞տն էիր, երբ եկանք:
– Մենք կէսօրին այստեղ հասանք: Երբ բերդին մուխն ու բոցը տեսանք, ետ դառնալ եւ փախչել սկսանք, բայց երկու հար իւրէ աւելի ձիաւորաց խումբ մը, որ շրջակայքն աւարելու գնացեր եւ կը դառնար, մեր ճամփան սւրգիլեց, ուստի զատեալ թշնամիներէն յուսահատաբար կը ռուեցանք. ես վիրաւոր ընկայ, չգիտեմ միւսներն ի՞նչ եղան.
– Տէ՜ր աստուած, տէ՜ր աստուած, այս ի՛նչ պատուհաս է մեր վրայ, – կ'ըսէր ծեր զինուորը:
Ելաւ այց ընելու. բոլոր ինկելոց կը շօշափէր` ձեռքը սրտերնուն վրայ կը դնէր, թէ կենդանի ոք թերեւս կարէնայ գտնել, բայց ամէնքը լաւ մեռած էին, դարձաւ վիրաւորին քով, պատեց վէրքը ինչչափ կրցաւ, հեծուց իր ձիուն վրայ եւ շտկուեցաւ մօտակայ վանք մը, որ լեռանց ափափայից վրայ շինուած դժուարաւ գտանելի տեղ լինելուն կը յուսար թէ բարբարոսաց ոտքերը չեն հասած, եւ իրօք այնպէս գտաւ ինչպէս կը յուսար: Կրօնաւորք սիրով իջան անապատեն թաղելու համար իրենց քրիստոնեայ եղբարց մարմինները: Իսկ Զաւէն, որ Գրիգորի մարմինը կը փնտրեր` չը գտնելով ոչ նորա եւ ոչ Սուրէնի մարմինը, փառք կ'ուտար աստուծոյ եւ կ'ըսէր. «Օր մը անշուշտ յանկարծ կ'ուգայ եւ ես ձեռոքս իրեն կը յանձնեմ քուրիկը»:
Անկից իջաւ ծովեզրը, լիճը խաղաղ կը ծիծաղէր` անտարբեր մարդկային ողորմելի յուզմանց վրայ, ելաւ լողալով մակոյկին քով նստաւ, նոյն տեղ, ուր Արփենին առաջի օրը նստած կը սպանէր իւր մայրիկին, ջուրը իւր վճիտ կերպարանքն առաւ. ան ատեն նայեցաւ եւ տեսաւ ջուրին տակ մայր ու աղջիկ քովե-քով, մտաւ եւ առանց դժուարութեան հանեց զիրենք ցամաք. ըսաւ ինքնիրեն. «Աստ այս կղզին անխօս վկայ այս սքանչելի մօր եւ հրեշտակային զաւկին պարկեշտութեանց թող իըենց գերեզման լինի. ապագային մէջ աւազակաց եւ արիւնարբու ճիւաղաց թերեւս միմիայն ապահովութիւն աստ գտնուի. մինչեւ որ իշխանիկը երեւան ելնէ»: Մտաւ մակոյկը, գնաց բերաւ ամէն պէտք եղածը, փորեց գերեզմանը աոսուոյ ծառի մը տակ, եւ երբ ամէն հանգստեան կարգ կատարուեցայ, ինք մեռելաթաղ, ինք սպասաւոր, ինք հայր եւ եղբայր եւ ամենայն լինչելով, յորդառատ արտասուոք ողողեց գերեզմանը, ինք նաեւ զարմանալով թէ ծեր զինուոր` իւր այդ աչքերը, որ հուր գիտէին թօթափել, ուստի՞ այդչափ արտասուք կը բխէին, որ բոլոր կեանքին մէջ այնչափ ունեցած չէին:
Իսկ երբ արտասուքը սրբեց, ժողովեց աստուծոյ պաշտօնեայքը եւ հանեց բերդին առջեւ, տուաւ կրակը բորբոքեց մակոյկը, որպէսզի ոչ ոք կարէնայ մերձենալ կղզուոյն, ան ատեն. «Ամենայն ինչ կատարեալ է», – ըսաւ, եւ գլուխը կուրծքին դրած` անցեալին մէջ թաղուած այդ բերդին հանդէսները, կոչունքները, ուրախութիւնքը, սուգերը եւ տրտմութիւնքը նաեւ` ամէնքը աչքին առջեւ տեսնելով յաջորդաբար, ուր երկայն տարիներ անցուցեր էր, եւ քսանչորս ժամ բաւական եղած էր անյայտ, անյիշատակ ընելու, դարձեալ Կ'աղզուանի ճամփան բռնեց մոռնալով նաեւ իր նժոյգր, որ ծանր իր ետեւեն կը քալէր լռիկ եւ տխուր իբր թէ չի համարձակելով իւր տիրոջ խորհրդածութիւնքը շփոթել:
Բայց վերջապէս Զաւէն իբր քունէ արթնացաւ, վասնզի ծունկերը չէին ուզէր իրեն հնազանդիլ, սաստիկ յոգնութիւն մը զինք առէր էր, հեծաւ իրեն ձիուն վրայ, նոր զգացմունք մը` գլուխը սկսաւ պտոյտ գալ, այնպէս, որ եթէ չզգուշանար պիտի ինկներ ձիեն, այս նոր երեւոյթներէն արթնացած միտքն եկաւ թէ ամենեւին բերանը բան չէր դրած, եւ արեւր մայր մտնելու մօտ էր, ուստի շտապեց եւ հասաւ այն գիւղը, ուր առջի օրը խուլ պառաւը զինք հիւրընկալէր էր:
Դարձեալ առանձին էր պառաւը` նստած իր դռան առջեւ. դարձեալ գիւղն անապատ էր: Թէպէտ ինք հացի պատառ մը միայն ուզեց, բայց բարի պառաւը հացն ու պանիրը եւ կուժով գինին մէկտեղ գրաւ առջեւը: Եւ երբ տեսաւ թէ ախորժակով կ'ուտէր.
– Ես մարած աչքերեդ իմացայ, – ըսաւ, – որ դու շատ անօթի ես. մեր գիւղացիքը ամէնքը լեռները փախան, աւազակներէն կը վախեն:
– Դու չե՞ս վախեր, որ այսպէս մենակ կը նստիս, – հարցուց. Զաւէն քիչ մը ձայնով, քիչ մը նշանացի:
– Իմ վախելու տեղս մնացե՞ր է, որ վախեմ: Ասպատակը երիտասարդ կուզէ, ինձի պէս պպռաւներուն վնաս չի հասցնէր:
– Դու այնպէս կարծես, բայց հիմկու նորելուկ աւազակները քեզպեսները սուրէ անցուցեր են:
– Է՜հ, ի՜նչ ընեմ, – ըսաւ պառաւը արհամարհ անոք ուսերը ցնցելով, – եթէ սպաննեն` թո՛ղ սպաննեն, հազար տարի ապրելու չեմ, արդէն հարիւրին մօտ եմ: Թոռներ, տղաքներ, հարսներ ունիմ: Դուք գնացէք` փախէք լեռը, ըսի, ես տանս մէջ եթէ պիտի մեռնիմ, խաղաղ կը մեռնիմ:
Այս փիլիսոփայութեան պատասխան չունէր Զաւէն, ուստի լռեց, եւ երբ հացը կերաւ լմնցուց եւ գինուոյ կուժին վերջի կաթիլը նաեւ քամեց, պառաւը
– Ռրդի՛, մի՛ ծալուիր, դու բան չես կ'երէր այսօր, երէկ այդ տղեկը լաւ կերաւ. կա՛ց հիմա… – ըսաւ եւ վազեց գնաց` ժամանակ չի թողնելով Զաւէնի, որ արգիլէ, եւ քանի մը վայրկենեն եկաւ դարձեալ ուտելիք ու գինի բերելով: Եւ երբ Զաւէն սկսաւ ուտել` պառաւն էլ սկսաւ հին պատմութիւններ ընել, որ Զաւէնի յիշատակներէն շատ բարձր կին: – Որդի, – կ'ըսէր, – դու այն օրերը գիտե՞ս, երբ Սուրէն պարսիկը ամէն Հայաստան կը կոխկռտէր, յետոյ երբ Վարդան Մամիկոնեան զայդ Սուրէն սպաննեց, յետոյ երբ պարսից թագաւորը եկաւ, յետոյ երբ մենք ամէնքս լեռները փախանք…
– Ես այդ յետօներուն յետինն անգամ չգիտեմ:
– Գիտե՞ս, հա՛… – կ'ըսէր պառաւը նորա բերնին շարժմունքը տեսնելով:
– Ո՛չ, ո՛չ, ամենեւին չգիտեմ:
– Բայց գիտե՞ս, որ Հոռոմի մեծ թագաւորն որ եկաւ` կաթոդիկոսը Լուսաւորիչն ուրացաւ (Զաւէն իմացաւ, որ Հերակլի եւ Եզրի համար կ'ըսէր` գլխով նշանացի ըրաւ թէ` այո՛), հա՛, աստուած ողորմի հօրդ հոգուն, ան տարի հոռոմը մէկ կողմեն, պարսիկը միւսեն այս մեր լեռն ու ձորը կոխեցին, տուն, տեղ չի մնաց, ամէն բան քանդուեցաւ. մենք երկու ամառ մէկ ձմեռ սարերուն գլուխն անցուցինք, ի՜նչ օրեր էին… հիմա ի՜նչ պիտի լինի: Այսօր էլ այդ հոռոմներն էին, որ եկան, սոթտած հաւ դարձեր էին, վրայ, գլուխ չի կար` անօթի ծարաւ…
– Այսօ՞ր, – հարցուց Զաւէն:
– Հա՛, մէկ-մէկ քիչ հաց տուի` ճամփեցի, ետքը մէկ ծերունին եկաւ երեսուն-քառասուն հոգուով, ուռած, փքուած, հագուած կապուած մարզ էր, քթեն ինկնողն հազար կտոր կը լինէր, կ'երէի, որ մեր գիւղին չի հաւնեցաւ` ելաւ գնաց Կ'աղզուանի ճամփան. երթա՜ ի բարին:
Զաւէն որ արդէն փորը կը շտացէր էր, եւ քունն աչքերուն վրայ սկսէր էր ծանրանալ, երբ լսեց թէ յոյնք, որ անշուշտ արաբաց մագիլներէն փախստականը հին, որ լեռները փրկութիւն գտած հիմա զանազան ճամփաներով կ'երթային Կարին, եւ եթէ զիրենք բազմաթիւ գտնէին ամէն անզգամութեան ձեռնհաս էին: Թուլութիւն մէկդի թողուց եւ շուտ մը պառաւին մնաս բարաքն ըսաւ, հեծաւ ձին ու Կ'աղզուան շտկուեցաւ արագութեամբ: Գիշերուան երկրորդ ժամուն հասաւ աւանը, որ բոլոր տակնուվրայ էր, եկեղեցուոյն դռան առջեւ քանի մը հոգի ժողովուած կը խոսէին թէ ինչ կարելի էր ընել յունաց պահանջմանց դէմ, երբ Զաւէն մութուն ձիուն գլուխը քաշեց, շուտ մը զինք ճանչելով իրեն մօտեցան, եւ դեռ ինք բերան չի բացած` սկսաւ գանգտիլ եւ վիճակը յայտնէի
– Հարիւր յիսուն, երկու հարիւրի չափ փախստական յոյն զինուորներ աւանը մտան, զօրավար մ՚էլ կար հետերնին. ցրուեցան ամէն տուն. մենք իրենց խեղճութեան ողորմեցանք, անհաւատին դէմ կռուէ կ'ուգան, ըսինք, խաչապաշտ են, ըսինք, պարտք եղած հիւրընկալութիւնն ըրինք, բայց գոհ չի կրցանք ընել, սկսան զգեստ յափշտակել, զէնք պահանջել, գինուոյ կարասներ պարպել եւ կանանց վրայ աչք ձգել… Մեծերնին իջաւ քու տունն, Զաւէն եղբայր, շատ կարելի է որ նա էլ իր աւազակներէն պակաս չի մնայ:
– Քալենք մեզի երթանք, այնաեղ կը տեսնենք եւ կը մտածենք:
Եւ Զաւէն ձիեն իջած այդ դրկիցներու հետ միատեղ շտկուեցաւ տուն: Դեռ տան դռանը չի հասած` կը լսուէին յունական անառակ երգեր ու ձայներ, որ Զաւէն բաւական կը հասկնար, եւ որ երգողները կտուրի տակ ընկողմանեալ յոյն զինուորներ էին. առանց սոցայ վրայ ուշադրութիւն դարձնելու Զաւէն ներս մտաւ: Նախ զինք դիմաւորողներն եղան իւր երեք որդիքը, որոնց ամենեն մեծը քսանհինգ տաբու երիտասարդ մ՚էր կ'որաւի եւ ծանրագլուխ. եւ հօր ու որդուոյ մէջ այս խօսակցութիւնն տեղի ունեցաւ կամաց ձայնով.
– Ի՞նչ տեսակ մարդ է, Ներսէս, այս յունաց մեծաւորը:
– Ի՞նչ. գիտնամ, հայր, իբր քառասուն տարու` քաղցրալեզու, քաղաքավար մարդ մը կ'երեւայ. ոչխար մը մորթել տուաւ այն ձեւով, որ իբրեւ թէ փողը պիտի վճարէ, մեծ կը խօսի` ինքզինքը այնպէս կը ցցնէ, իբր թէ կայսեր շատ ծանօթ մէկն է: Հարցուց թէ այս տունն ո՞ւմն է, հարցուց թէ Արփենին ո՞ւմ աղջիկն է, Վարդանաբերդի, Մամիկոնեանց իշխանուհուոյն, Գրիգոր իշխանին վրայ տեղեկութիւնք փնտրեց: Հրամայեց, որ իր զինուորներուն պէտք եղածը արուի, վճարմունքը խոստացաւ կայսերական գանձեն շուտով հասցնել:
– Պրոկոպիո՞ս է այդ մարդուն անունը, – հարցուց դաժանութեամբ Զաւէն:
– Ոչ, հայր, Թումայ է իր անունը:
– Մայրդ, աղջիկները ո՞ւր են:
– Ամէնքը ներսն են, չերեւցան օտարներուն:
– Հիմա քովը ո՞վ կայ:
– Տէրտէրը միայն մնաց, ուրիշ ամէնքը գնացին:
– Մտնենք ներս, բարեկամք, եւ տեսնուինք այս յունական բանակին կոտրտուքներուն հետ, – ըսաւ Զաւէն իր դրացիներուն:
ԳԼՈՒԽ Ե
Թումայ ընկողմանեալ էր վառարանին քով, եւ ուշադրութիւն անգամ չըրաւ մտնողաց, որ յարգանօք ողջունեցին. իր երկու զինուորները հոտին կանգնած– էին դռան քով: Կ'աղզուանի աւագերէցը նստած էր վարը փոքրկացած յոյն զօրավարին ներկայութեան: Զաւէն այս վիճակը տեսնելով` քահանան հրաւիրեց վառարանին քով անցնիլ նստիլ. եւ նկատելով նորա դանդաղութիւնը` օգնեց նաեւ թեւէն բռնելով եւ վեր վարելով, եւ նքն անցաւ քովը նստաւ: Բիւզանդացի յոյնը իւր դիրքին մէջ այս ամէն շարժմունք տեսաւ, եւ լաւ իմացաւ թէ իր արհամարհանաց փոխարէն պատասխանող մը անցաւ իւր առաջ, բայց չիմանալեն եկաւ:
Իսկ Զաւէն, որ բաւական յունարէն կը խոսէր, սկսաւ հանդարտ կերպով ժողովրդեան գանգատները, իւր զինուորներէն եղած անիրաւ պահանջները առաջ դնել, յոյս յայտնելով թէ «իրեն պէս բարձր զօրավար մը այնպիսի անկարգութեանց ներողամիտ չէր կրնար լինիլ»: Զաւէնի այս վերջին խօսքերը, ուր երգիծանքը շատ սուր եւ կծու էին, յոյնին բարկութիւնը այն աստիճանի գրգռեցին, որ շակուելով եւ նստելով` եւ խիստ ակնարկ ձգելով Զաւէնի հարցուց.
– Դու որ զինուորի կը նմանիս կերպարանքովդ, ո՞ւմ քով ծառայած ես մինչեւ հիմա:
– Իմ ըսած խօսքերս կ'երեւայ թէ չի կրցայ հասկցնէի ես աղաչանք մը ըրի, որ հրաման ընէք զինուորներուն անիրաւ պահանջներ չընելու. իսկ դուք ինձ կը հարցնէք թէ ո՞ւմ քով զինուորած եմ. այդ հարցմունքը ինձ զարմանք կ'ուտայ, ուստի ես էլ համարձակութիւն կառնում ձեզ հարցնելութէ ի՞նչ կը նշանակէ այդ հարցմունքը:
– Դու հասարակ շինական` կը համարձակիս ինձ` հոռոմ իշխանի հարցմո՞ւնք ընել:
– Ի՞նչ յանցանք կայ այդտեղ, մարդ չգիտցածը միշտ իրաւունք ունի հարցնել: Դուք ինձ կը հարցնէք թէ ո՞ւմ քով ծառայէր եմ, նոյնպէս ես էլ հասարակ շինական համարձակութիւն առի ձեզ հարցնել թէ ի՞նչ մտօք այդ հարցմունքը կ'ընէք. չար միտք եթէ ունենայի կրնայի հարցնել թէ դո՞ւք էիք արաբաց դէմ այդ մեծ յաղթութիւնը կարգադրողը թէ Պրոկոպիոս:
– Դեռ նախատե՞լ զիս կը համարձակիս, անա՛րգ շինական, – ըսաւ Թումայ եւ ելաւ սուրն առնելու:
– Հանդարտ տեղդ նստէ, հոռոմ իշխան, – ըսաւ Զաւէն ծանր եւ արհամարհոտ ձայնով եւ ամենափոքր շարժմունք նաեւ չընելով. – ես երբ հոռոմ իշխան կ'ըսեմ, պէտք է իմանաս թէ իմ մտքիս մէջ այդ քու անարգ շինականներեդ աւելի անարգ բան մը կ'իմանամ, քու այդ սուրեդ վախցող մարդ չի կայ այստեղ, ես գրաւի կ'ուգամ, որ այդ խեղճ սուրը պատեանեն անգամ ելած չէ տարիներէ ի վեր եւ ժանգոտած է: Իսկ եթէ այս խեղճ շինականի սուրը պատ եանեն ելնէ յանկարծ` Լուսաւորի՜չ վկայ, որ առանց քանի մը հոգի հանելու տեղը չի դառնար:
Այն անշարժութիւնն, այն հանդարտ ձայնը, այն արհամարհոտ կերպը, որ Զաւէնի վրայ նկատեց յոյն զօրավարը, բաւական եղան, որ կերպը փոխէ եւ ինքզինքը սանձէի ուստի կիրքը թողուց եւ արհամարհանաց ձեւ մը առնելով նստաւ:
– Հա՛, այդպէս խելօք նստինք եւ մարդու պէս տեսնուինք, դուք մեր հիւրն էք, մեր հայրենական սովորութիւնն է հիւրը պատուել, բայց հիւրը եթէ աւազակութիւն ընէ` դեռ այն ժամանակներում չհասանք բոլորովին, որ անպատիւ թողունք, ուստի հիմա քեզ կ'իմացնեմ բարեկամաբար, որ եթէ այս վայրկենես փոքրիկ բռնութիւն մը լինի աւանիս մէջ, բոլոր յոյները ջարդել կ'ուտամ, եւ որպէսզի մեղք ինձ չի համարուի` ահա քու առջեւդ կը հրամայեմ. – Տէր Հայր, – ըսաւ աւագերէցին, որ իւր քով նստած էր, – գնա շուտով եկեղեցին, ամէն տեղ իմաց տուր, որ զէն բերնին պատրաստ կենան, եւ առաջին անիրաւութեան եկեղեցիներն իմաց տան եւ եկեղեցուոյ մը կոչնակները զարնուած վայրկենեն ամէն ոք իրաւունք ունենա գտած յոյնը սպաննելոս Տէ՛, իմացա՛ր, գնա՛:
Քահանան թեւատարած ոտք ելաւ երթալու, երբ Թումայ, որ նստեր մտիկ կ'ընէր, ձայնը եւ կերպը փոխելով մէկեն քաղցրութեամբ ըսաւ քահանային.
– Դու, որ Քրիստոսի եւ աւետարանի աշակերտ ես կրնա՞ս այսպիսի անգութ պատուէր մը քարոզել:
– Աւազակներու պաշտպանութիւն ո՞ւր քարոզեց Քրիստոս, հոռոմ իշխան, – պատասխանեց Զաւէն: Ես, թագաւոր եալ քաղաքը` Կարին, Տրապզոն կախաղաններ տեսայ եւ աւազակներ կախուած, ձեր հոռոմի Քրիստոսը աւազակներու ներողութիւն չի քարոզէր եւ մեր հայոց Քրիստոսը կ'ուզէ՞ք որ քարոզէ: Հրաման տուր քու մարդոցդ, որ անիրաւութիւն չընեն, յափշտակութիւն չընեն, կանանց պատուոյն չի դպչին, այդ անառակ երգերը դադրեցնեն. եւ երբ դու հրաման տաս` մէկը չի հնազանդի եւ դու պատմես, այն ժամանակ կ'իմանամ թէ քու մարդիկդ զինուոր են եւ ոչ աւազակ. իսկ եթէ դու լուռ կենաս, գանգատանաց ականջդ խփէս, գողին գողակից կը չինիս եւ ինձ իրաւունք կ'ուտաս, որ քեզ եւ քոյոցդ ինչ չարիք կրնամ հասցնեմ, եւ ինձ սրբազան պարտք կը դառնա անիրաւութիւնը որ քեզմէ սկսաւ` քեզմով վերջացնեմ. բայց դու եթէ գիտնայիր քու գլխուդ հասած վտանգր` ինձ պէտք էր շնորհակալ լինէիր, որ ժամանակին եկայ հասայ. արդէն բոլոր աւանին բնակիչք պատրաստուած էին զձեզ ամէնքդ սուրէ անցնել, եւ կոտորածը հիմա այս վայրկենիս թերեւս սկսած էր, բարեբախտաբար ես եկայ եւ արգիլեցի:
Այս վերջի խօսքերը բոլորովփն կերպարանափոխ ըրին յոյն զօրավարը: Շուտ մի ելաւ հրամայեց իւր զինուորներուն, որ երթան բոլոր աւանը իմացնեն իւր կողմեն, որ ամենափոքր անկարգութիւն ընողը սուրէ անցնել պիտի տար, եւ թէ թոյլտւություն էր բնակչաց բռնութիւնը բռնութեամբ վանել եւ անզգամին անզգամութեամբ փոխարինել: Եւ դառնալով Զաւէնի, որ նորա խօսքերեն բառ մը, շարժմունք մը չի կորցնելով անշարժ նստած էր:
– Իրօք շատ շնորհակալ եմ, – ըսաւ, – որ դու խոհեմութեամբ վարուեցար այս նիւթիս մէջ եւ արիւնահեղութեանց պատճառն արգիլեցիր. ես չէի կրնար հաւատալ թէ մեր զինուորները այն աստիճանի անիրաւութիւն ընեն, որ բնակչաց այսչափ զայրոյթ պատճառեն. եւ շիտակն ըսելով ձեզմէ առաջ ոչ ոք գանգատ մը չէր ըրած: Ուստի շատ գոհ եմ ձեզմէ: – Այո խօսքերը` բիւզանդական կերպարանքին վրայ դիմակ ծածկելով ըսելէ վերջ` ձեռքը Զաւէնի երկնցուց, որ այս շարժմունքը գուշակելով` իբր թէ այդ վատ ձեռքը չտեսնելով` դարձաւ իր դրացեաց եւ ըսաւ.
– Գնացէք դուք էլ, եղբարք, հան դարտեցուցէք երիտասարդները, որ չելլեն տարիքի կրակով բան մը հանեն. լսեցիք ահա իշխանին խօսքերը եւ պատուերները, դուք էլ ամէն փողոցի զլուխ զինեալ պահապաններ դրէք, որ արգիլեն անկարգութիւն` ուսկից որ գայ. երթա՛ք բարով:
Մարդիկը գոհ սրտով ողջունեցին եւ ելան գնացին: Նոյնպէս Զաւէն աչն ատեն ելաւ եւ ձեռքը կուրծքին վրայ գնելով, ողջունեց յոյն իշխանը եւ քաշուեցաւ իւր ներքին սենեակը` ուր ընտանիքը ժողովուած կը նստէին. երախայք արդէն քնացած էին: Հոն իր երեք տղոց ապսպրեց, որ կարգաւ գիշերը պահպանութիւն ընեն եւ դիտեն յունաց ամէն շարժմունքը. ինք հեծաւ իւր ձին աւանին ամէն կողմը պտոյտ մ՚ընելեն` թաղապետները տեսնելեն եւ զգոյշ կենալու խորհուրդ տալէ վերջ` դարձաւ տուն հանգչելու համար այն երկար աւուր քաշած մտաւոր ու մարմնաւոր աշխատանքեն:
Առաւօտեան կոչնակին ձայնին ելաւ Զաւէն երթալու եկեղեցի: Յունաց համար` որ աւազակութիւնը թողած հիւր էին հիմա` նախաճաշ պատրաստեցին կանայք: Մատղաշ տղայք անկասկած իրենց խաղալուն զբաղած էին: Արփենի, որ քսանչորս ժամուան միջոցին մէջ ամէնուն հետ բարեկամ եղած` էր, երբ Զաւէնն տեսաւ եկեղեցիէ դարձած, դիմեց իրեն հարցնելու թէ` «Մայրիկը բերի՞ր», իսկ Զաւէն, որ որոշած էր սիրակայսնելուտղայն Կամսարականաց ամրոցը, «Ես քեզ մայրիկին պիտի տանիմ, սիրուն Արփենիս» ըսաւ, եւ նա այն գաղափարով մխիթարուած` ներս, դուրս, պարտէզը, փողոցը կը շրջագայէր. երբեմն մտնելով սենեակը, ուր յոյն իշխանը եւ Զաւէն նստած էին: Ամէն բան յայտնի կ'ընէր հոռոմին, որ այդ տղայն բացի դիմաց գեղեցկութենեն` թէ իր զարդերուն եւ բեհեզեայ զգեստներուն, թէ իր մորթի ճերմկութեան, թէ ոտքերուն ձեռքերուն մանրութեան, թէ իր համարձակութեան համար տարբերութիւն մը ունէր ուրիշ տեսած տղոցմեն: Ազնուականութեան կնիքը ճակտին վրայ դրոշմուած էր, եւ որ իրեն աւելի հաճելի էր, յունարէն նաեւ եւ կը խոսէր, վասնզի նախարարական տուներ ինչպէս երբեմն պարսկերէն` նոյնպէս յունարէն խօսելու սովորութիւն մտած էր ժամանակներէ ի վեր եւ շատ պալատներու մէջ յոյն ուսուցիչներ եւ դայակներ կը գտնուէին: Զանազան խօսակցութիւններէ իմացաւ նաեւ թէ որբ աղջիկ մ՚է, ուստի անզգամ խորհուրդ մը յղացաւ մտքին մէջ, եւ երբ բոլոր աւանը զբաղած` ամէն ոք կէս աւազակ, կէս զինուոր յունաց վրայ ուշադրութիւն կը դարձնէր, յոյն իշխանը Արփենիի հետ կզբօսնուր, կը խոսէր, կատակներ կ'ընէր եւ յանկարծ երբ մէկ միջոց մը մենակ էր իր երկու սպասաւորաց հետ, տղան պառկեցուցին. բերանը թաշկինակ մը խցկեց` լաւ մի փաթաթեց, որ չի կարէնայ շարժիլ եւ պարկի մը մէջ դնելով` իրեն ուրիշ կարասեաց պէս իւր ծառայից մէկուն շալակը տուաւ եւ ինք ձի հեծնելով արտորնօք, բիւզանդական ծիծաղով Զաւէնն ու կաղզուանցիք ողջունեց եւ Բասեան գաւառի ճամփան ինկաւ: Երբ աւանեն դուրս ելաւ, հինգ-վեց ձիաւոր իւր սպասաւորներէն հետը, քանի մը վայրկեան սաստիկ արշաւանքով հեռացաւ իւր փախստական գունդեն. ան ատեն հանեցին խեղճ տղեկը իւր սոսկալի պարկեն, տեսան, որ մօտ էր խեղդուելու, հանեցին բերնի խցիկը, եւ թէպէտ մարած եւ ինքզինքեն ելած` բայց իշխանը առաւ նժոյգին վրայ, կը քշէր կատաղութեամբ, երբ գիւղ կը հասնէր` իւր լայն վերարկուին տակ ծածկած խեղճ որբը կ'անցնէր արագութեամբ, որպէսզի այս սոսկալի գողութեան հետք մը չի ձգէ: Վերջապէս ամայի տեղ մը ջուրի մը քով իջաւ ձիեն, տղուն քիչ մը ջուր տուաւ խմելու, արիւնոտ բերանը լուաց. գոյն չէր մնացել սիրուն տղեկին երեսը, աչքերը մարած էին բոլորովին, գլուխը չէր կրնար բռնել. հարցուց թէ բան ուտել կուզե՞ր. երբ պատասխան չառաւ, հեծաւ ձիուն վրայ, աւաւ տղեկը թիկնապահաց մէկուն, որ բարեբախտաբար աւելի բնական գթած սիրտ ունենալով ինչչափ կարելի էր ջանաց քիչ չարչրկել, մինչեւ հասան Կարին. հոն ամիս մը հիւանդ պառկելէ վերջ, հազիւ թէ առողջացաւ, եւ գարնան արեւն իր աչաց կենդանութիւն բերաւ:
Բայց այս միջոցիս ի՞նչ ըրաւ Զաւէն. երբ տեսաւ թէ Արփենին չի կայ. բոլոր Կ'աղզուան վեր-վար ըրաւ, ամէն ծակ, ամէն խոռոչ խոյզ եւ խնդիր եղաւ եւ երբ ամէն յոյս կտրուեցաւ` խեղճ զինուորը ձեռքը ծնօտին դրած յուսահատութեան արցունք կը թափէր, կը հարցնէր Երասխայ ալիքներուն, կը հարցնէր երկնքի թռչուններուն, ամէնքն անտարբեր` պատասխան չէին տար: Վերջապէս յուսահատ կ'երթար եկեղեցի ժամերով կ'աղօթէր եւ տխուր տուն կը դառնար: Շաբաթն անգամ մը, կը հեծնէր ձին, կ'երթար լճին քով կը նստեր` անթարթափ կը նայէր կղզին եւ կը դառնար, իսկ երբ լիճը կատարեալ սառեցաւ` իւր Տիկնոջ գերեզմանին վրայ արտասուք կը թափէր եւ կը դառնար: Օր մը, որ մեծ պահոց երկրորդ կիրակին էր, ելաւ դուրս, մտածութիւն մը զինք բոլորովին գրաւէր էր. հազիւ ճաշն ըրաւ` ձին ուզեց եւ գնաց այն ճգնաւորաց մենարանը, որոց դիմէր էր իւր վիրաւորը դարմանելու եւ մեռելները թաղելու համար: Առաւ նոցայ վանահայրը, հեծուց իւր ձիուն վրայ եւ իջեցուց լճին քով. սառած ջուրին վրայեն քայլելով բերաւ Բիւրեղի գերեզմանին վրայ, հանգստեան կարգ մը կատարել տալեն վերջ` խնդրեց, որ Աւետարանը գերեզմանին սառած հողին վրայ դնէ եւ բանայ, Վանահայրը միամտաբար բացաւ, Զաւէն մատը դրաւ` «Կարդա՛յ, Հայր Սուրբ, սա խօսքը», – զրուցեց. «Խնդրեսջիք եւ տացի ձեզ, հայցեցէք եւ գաջիք, բախեցէք եւ բացցի ձեզ. զի ամենայն որ խնդրէ` առնու եւ որ հայցէ` գտանէ եւ որ բախէ` բացցի նմա: (Ղուկաս գլ. ժայ. 9)», – կարդաց քահանան: Զաւէն ձեռքերը երկինք տարածեց` «Փա՜ռք քեզ, աւստուած իմ», – աղաղակեց: Այն րոպէին կարծես ծերը երիտասարղացաւ, իր աչաց կորովն եկաւ, եւ երբ տուն դարձաւ, ամէնքը փոփոխութիւնը տեսան եւ զարմացան. առջի մարդն էր իւր կնոջ համար, առջի հայրիկն էր իւր զաւկներուն, առջի Զաւէն եղբայրն էր իւր դրկիցներուն եւ բարեկամաց համար: Զատիկը կատարեց ուրախ, զուարթ իւր ընտանեաց եւ ազդականաց հետ, եւ չորեքշաբթի առաւօտուն հասարակ մշակի զգեստներ հագած, մախաղ մը, վերարկու մը, երկսայրի կարճ սուր մը գօտիին մէջ ծածկած, տրեխներ ոտքը եւ գաւազան ի ձեռին, ժողովեց կինը եւ զաւկները, խրատեց զամենքը, ապսպրեց մորերնուն միշտ հնազանդ լինիլ, րենց մեծ եղբայրը յարգել եւ մեծարել, զնայ էլ յորդորեց ամէնուն հետ քաղցրութեամբ եւ սիրով վարուիլ, օրհնեց զամենքը, համբուրեց մէկիկեւմէկիկ եւ ելաւ երթալ իւր կորուստը փնտրելու:
Մենք թողունք Զաւէն Կարնոյ ճամփուն վրայ, եւ երթանք փնտրել Գրիգոր ու Սուրէն, որոց դիակունք չի գտնելով նա` յոյս ըրած էր թէ օր մը երբ իշխանիկը դառնար, Արփենին գոնէ իրեն պիտի ներկայացնէր, միայնակ եւ սիրասուն նշխար Մամիկոնեան հայրենի ճոխութեան եւ հրեշտականման մօր եւ քրոջ:
Վիրաւորը մեզ պատմեց թէ ինչպէ՞ս Սուրէնի եւ Գրիգորի ձիաւոր խումբը Վարդանաբերդի հրդեհը տեսնելով դիմէր էին հոն նահանջի ճանապարհ միշտ իրենց յուսալով, եւ թէ ինչպէս թշնամուոյն բազմաթիւ հեծելոց խումբր վրայ հասնելով` շրջապատեալ յամենուստ սկսած էին պատերազմիդ Սուրէն քանի մը հողի կ'որսնցնելեն վերջ իր խումբեն` տեսնելով անխուսափելի վտանգը փոքրիկ բլուրի մը վրայ քաշուեցաւ իրեններով, այդ բլուրը Վարդանաբերդի գերեզմանատունն էր, քիչ հեռաւորութեամբ:
Այդ զերեզմանոցին մէջ` մահարձանները պատնէշ առած` յուսահատ կռուով իրենց կեանքը թանկ ծա խել որոշեցին հայ փոքրիկ խումբը. Սուրէնի հզօր ձայնը` «Տղա՛ք, մեռնի՜նք, բայց մեռցնենք եւ այնպէս մեռէինք քաջութեամբ», կ'որոտար ամէնուն ականջին. այդ քառասուն-յիսուն հոգին շրջապատ եալ հազարներէ, այնպիսի դիմադրութիւն ըրին եւ այնպիսի կատաղութեամբ կռուեցտն երկու ժամ, իրենց աղեղներէն ելած նետերը, իրենց պարսատիկներէն ելած քարերը այնպէս կը հարուածէին հեռուեն, եւ յարձակումներու դէմ իրենց վաղակաւորներն ու մուրճերը այնպիսի հարուածներ տուին թշնամուոյն մօտեն, որ Շէյխ Ալի այդ քաջութեան վրայ հիացած ղադրեցուց յարձակմունքը եւ պատգամաւոր մը յուղարկեց յայտնելով թէ` «Ինք պատրաստ էր իրենց կեանքը շնորհել եթէ անձնատուր լինին»: Եւ կէս ժամ միջոց կ'ուտար մտածելու: Սուրէն դաշնադրութեան մտնելու յանձնառու եղաւ. բայց արաբը պայման մը միայն ունէր. «կեանք միայն շնորհել». երբ Սուրէն զիջանիլ յանձն առաւ, իրեն դէմ անկարծելի դժուարութիւն մը ելաւ: Գրիգոր որ առիւծի պէս եւ իւր հասակեն վեր պատերազմէր էր, «մեռնի՜նք» բառեն զատ բերնեն ուրիշ խօսք չէր հանէր, այդ հայրենի պալատան բոցն ու ծուխը զինք համոզած էին թէ իր մայրը եւ քոյրերը մեռած էին, ուստի «մեռնի՛նք, մեռնի՛նք» կը կրկներ: Սուրէնի բոլոր ազդեցութիւնը անօգուտ պիտի լինէր` եթէ ամէն պատերազմողք վերջապէս յանձն չառնուեն գերութիւնը կենաց հետ փոխանակել: Ուստի պատանին երբ մինակ մնաց եւ ամէնքը զէնքերը թողին, ինք այն րոպէին ինկաւ գերեզմանի մը վրայ, եւ արտասուաց հեղեղ մը սկսաւ իջեցնել. բոլոր Սուրէնի յորդորներուն եւ ապագային համար տուած յոյսերուն պատասխան անգամ չի տուաւ: Մամիկոնեանց սերունդը է՛լ անզգայ եղաւ շղթայներու, ինչպէս անզգայ էր իւր քեռուոյն ձայնին, որ քաղցրութեամբ «Որդեակ Գրիգոր, այս օրերս էլ կանցնին, դժբախտութիւնը ինչչափ որ սոսկալի լինի մշտնջենաւոր չի կրնար լինիլ», – կ'ըսէր:



