- -
- 100%
- +
Եւ ինք քաշուեցաւ վերնայարկը. նախ Բաբկէնի ապսպրելով վարի հիւրի սենեակը անկողին մը տարածել եւ պառկիլ եւ միշտ արթուն քնանալ. «Թէպէտ, հաւել ժպտելով, այդպիսի պատուէր մը աւելորդ էր այնպիսի մարդու մը համար, որ 12 տարեկան սկսած էր հօրեղբօրը եւ հօրը ամէն պատերազմաց գտնուիլ եւ խելամուտ էր թէ թշնամեաց բանակէ մը շրջապատեալ միշտ զգոյշ պէտք էր լինել»: Եւ առանց երկար խորհրդածութեան մտաւ անկողին եւ պառկեցաւ, իբրեւ թէ իր հայրենի Վահկայ բերդին տղայութեան ապահով սենեակը լինէր, եւ քունն թէպէտ քանի մը ժամ ուշացաւ վրայ հասնելու, բայց վերջապէս այնպիսի տարիքի մը մէջ` օրուան զանազան դիպուածներու պատճառած սրտայուզութիւնը յաղթեցին կամքին զօրութեան եւ քնացաւ. երբ արթնցաւ, ինչպէս տղայութեան սովորութիւնն էր, մէկեն ցատկեց անկողնեն եւ բնականաբար աչքը դարձուց խաբուսիկ դռան, որ անշար պատի մը կերպարանք կը պահէր, պատուհանը բացաւ եւ տեսաւ, որ Բաբկէն պարտէզին մէջ անխռով կը շրջաւգայեր. երիտասարդին ակնարկին վրայ վեր ելաւ, եւ առջի նայուածքը` հար եւ նման Թորոսի` խաբուսիկ դռանը եղաւ:
– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ իշխանազունն, – ի՜նչ հետաքննին աչք կը նետես այդ պատին վրայ, ի՞նչ տեսար:
– Հիմա չէ որ տեսայ, – պատասխանեց Բաբկէն, – երէկ տեսայ ես այդ դաւը, բայց վտանգը իմ կարծածիս պէս չելաւ:
– Ի՞նչ ըսել կ'ուզես:
– Ան կ'ուզեմ ըսել թէ ես կարծէի, որ այդ դռնեն սուսերաւոր թշնամի մը պիտի ելնէ, իրօք թշնամի մը եղաւ, բայց իմ կարծած տեսակես չէ:
– Ի՞նչ կ'ըսես, Բաբկէն, բան մը չեմ հասկնար:
– Դու ինձի ըսիր թէ «արթուն քնացիր», եւ ես արդէն միտքս դրած էի. բայց ի՞նչ օգուտ արթուն քնանալ վարի սենեակը անկողնի մը վրայ տարածեալ, ուստի պէտք էր այնպէս դիրք մ՚առնէի, որ տան մէջի շարժմունքը տեսնէի եւ հայոց միակ յուսոյն վրայ հսկէի. ուստի երբ ամէն ձայն դադրեցաւ քաղքին մէջ` քիչ մ՚ալ անկողին փոխենք, ըսի, ելայ կամաց մը իջայ պարտէզ ու սօսի ծառեն յարմար անկողին մը չի գտնելով, անոր վրայ զետեղեցաւ եւ իրօք մինչեւ կ'էս-գիշէր ամէն տեղ լուռ էր եւ խաւար, բայց յանկարծ ու քու պատդ տեսայ, որ ճեղքեցաւ, եւ տկար լուսոյ գիծ մը նկարուեցաւ. ձեռքս սա պահած թուրիս տարի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, ըսի, ինձի համբերութիւն տա…
– Ի՜նչ. պիտի պոռայի՞ր:
– Աստուած չընէ՛. ճիւղեն ներս պիտի ցատկէի, մենք մեր Սեւ լեռը լաւ կը ցատկենք, բայց միջոցը շատ էր, պատուհանը նեղ, անշշունջ ցատկելն անհնար, եկողը կրնար փախչիլ, մանաւանդ որ լոյսը տկար էր, ուրեմն` եկողը վախկոտ, ուրեմն` պէտք էր սպասել. եւ վայրկեանը տարի մը եղաւ, լուսոյ երկայն, վերեն` վար գիծը սկսաւ շարժիլ, բայց անզգալի կերպով, եւ ահա գլուխ մը տեսայ. փառք քեզ, Լուսաւորիչ, ըսի, սուրը տեղը դրի. սատանի գլուխը կը նկան մ՚էր. բայց ի՜նչ կուզեր. մտիկ կ'ընէր, կուզեր իմանալ թէ դու իրօք քուն ե՞ս. երբ ապահով եղաւ, դուռը կատարեալ բացուեցաւ, քօղարկած լուսով մը ի ձեռին մտաւ սենեակը, նախ զգուշութեամբ սենեակը զննեց, վերջը կամաց-կամաց մօտեցաւ դէպի քեզ, եւ երբ իր երեսր տեսայ, զիս դող առաւ…
– Ինչո՜ւ, ի՜նչ կար երեսին վրայ, ի՜նչ էր:
– Լուսոյ պէս աղուոր էր. սատանան երբ աղուոր է` ես շատ կը վախեմ, մանաւանդ հիմա, քեզ կը դիտէր, քու վրադ կ'աղօթէր, ես ալ կ'աղօթէի, որ այդ գեղեցիկ սատանային ճանկեն Լուսաւորիչ քեզ ազատէ, քանի մը վայրկեան կեցաւ, եւ վերջը գիտես թէ մէկը զինք ցնցեց, առաւ իր լոյսը եւ ինչպէս անշշունջ մտաւ, նոյնպէս հալածեցաւ գնաց: Տեսիլն աներեւոյթ եղաւ:
– Այ՞ս էր բոլոր քու տեսիլքդ ու վախդ, Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ ծիծաղելով Թորոս:
– Այդ կինը թէ որ շատ աղուոր չըլլար, չէի վախեր:
– Կ'իմանամ, կը վախես, որ խելքս անոր կ'երթայ եւ մեր լեռները կը մոռնամ, այնպէս չէ՞:
– Այո՛, ստոյգ ալ ատ է: Թէ որ այդ կինը աս քաղաքը ձգէ, քեզի հետ գա, իր նզով հաւատքը թողու, Լուսաւորչի հաւտա, մենք անիկայ մեր լեռներուն թագուհի կ'ընենք. բայց հոռոմ կինը անիծած է. դու ալ մեր իշխանը` լաւ ես, խելօք ես, գիտուն ես, շատ կարդացող ես, վարդապետի չափ բան գիտես, բայց կնիկ, տեսած չունիս. վախեմ, որ ինչպէս մեր հայու գրքերը մոռցար ու վանքին բանտը հոռոմի գրքերը կը կարդայիր, մեր կնիկներն ալ չի մոռնաս այդ հոռոմին կը նկան համար: Ես լուսահոգի հօրդ կ'ըսէի. «Տէ՛ր, մեր Թորոս իշխանը լաւ է, բայց այդ նզոված ազգին գրքերը կը կարդայ, վախեմ Լուսաւորչի հաւատքն մոռնայ»: Նա ինձ կ'ըսէր.
«Բաբկէն, Թորոսեն մի վախեր, նա ինձմէ խելօք` հօրեղբօր պէս է, օր մը մեզ պիտի մոռցնէ, մեզմէ քաջ, մեզմէ լաւ պիտի լինի. դու հոգ մ՚ընէր, կը տեսնես»: Ե՛ս ալ անհոգ կը լինէի, բայց երբ կը տեսնէի Նարեկ բարձիթողի, ու որդնոտած, փոշոտած հոռմի գրքերը գաղտուկ կը բերէիր ու գիշերն ի լուռ կը կարդայիր` «Աստուած պահէ մեր իշխանիկը» կ'ըսէի: Հիմա տեսայ այդ կինը, իր դեղձան մազերը ոսկեկապ ձգած կը ռնկեն, որ ականջդ ի վար քեզ դիւթել կը ջանար, վախն առաւ զիս, աստուած քեզ պահէ, Լուսաւորիչ քեզ լոյս տա:
– Հոգ մ՚ընէր, Բաբկէն հայրիկ, աստուած կը պահէ. իմ սիրտս քիչ մ՚ապահովցաւ, ինչպէս հոռոմոց գրքերը զիս ապահով ըրին իրենց կրօնքին վտանգեն, իրենց կանայք ալ զմեզ կ'ապահովեն իրենց արանց վտանգեն: Դու շատ լաւ ըրեր ես, այս գիշեր անկողինդ թռչուններէն փոխ առէր ես, ա՛լ ապահով կրնաս գիշերները քնանալ, վասնզի թշնամին քու կարծածիդ չափ զօրաւոր չէ. ո՜յ գիտէ թէ նիզակակից մ՚ալ չէ մեզի:
– Աստուած պահէ հոռմի մը նիզակակցութենեն, – ըսաւ ծերուկն, երեսը խաչակնքելով, – հարցո՛ւ այդ փռանկներուն թէ ի՞նչ վաստակ ըրին ատօնց օգնութենեն, հոռոմը կը խոստանար անուշ-անուշ բարեկամութիւն, պաշար, առատութիւն, միւս կողմէ ձեռքի տակէ խոտերն ու արտերը կ'այրէր, ցորենն ու գարին ջուրը կը թափէր, գեղն ու քաղաք անապատ կ'ընէր, երբ մեր Կիլիկիա հասան քու պապուդ օրը, հայրս կը պատմէր, աստուած լուսաւորէ անոնց հոգին, ձի չէր մնացեր տակերնին, ճամփան ամէնն ալ սատկած էին, մարդիկ ըսես հալումաշ եղած անօթութենէ, հիւնդութենէ, գիտես թէ բարակ ցաւի էին հանդիպէր, մենք կ'ըսէինք, որ ամէնն կը մեռնին, ան քաջ պարոններ ու փռերներն թէ որ մեր հայու հացն չուտէին` Երուսաղէմ չէին մտնէր, բայց նա, որ շատ խելօք մարդ էր, աստուծոյ սիրոյն համար ալ, իր սիրոյն համար ալ, անոնց թագաւորին գնաց, պէտքերնին լցուց. կերան, խմեցին, ութ օր չանցաւ, ամէն մէկը մեյմէկ ցուլ դարձան, ուժովացան, գնացին ամէն տեղ առին, Ս. գերեզմանն ալ ազատեցին, ի՛նչ օգուտ, սա փռանկները ուժով են, քաջ են, լաւ բազուկ ունին, բայց գլուխնին դատարկ է, խելք չունին, սա հոռոմք հակառակն են, ուժ չունին բայց շատ գիտեն, խորը կը տեսնեն, նայէ՛ ատօնց տէրտէրներու աչքին, դժոխքի ճրագ կը նմանի, գիտես թէ սատանան մէջը կը պլպլա: Ես աս գիշերվնէ ի վեր հոռոմ մարդկանցմէ աւելի կնիկներէն կը վախնամ:
– Փուճ տեղ կը յոգնիս, Բաբկէն, – ըսաւ Թորոս լուրջ կերպով, – մենք հիմա քարէ, փայտէ բարեկամ մը չունինք, պէտք է որ պատրաստուինք աս անիծեալ քաղաքեն փախչելու, ծոցերնիս ստակ մը չունինք, որ նաւու մը վարձք կարէնանք ընել, քու ըսածիդ պէս թէ որ խելօք լինինք եւ առիթ մը երբ պատահի անկից օգուտ քաղել չդիանանք, մենք ալ քու փռանկներեղ ավիզի դատարկ գլուխ կը լինինք: Դու նայէ սա քաղաքս, այս օր պտոյտ մը ըրէ. տե՛ս, նայէ՛ հայ մը կը տեսնես թերեւս, ամէն հայու ականջ մի՛ դնէր, հայերէն խօսող ուրացեալ հայ կարելի է շատ գտնես, բայց սրտով հայ շատ քիչ կայ, մանաւանդ տէրտէրներէն զգուշացիր, անոնց լաւը սուրբ է, բայց գէշը սատանայեն ալ վատ է: Երբ իմ վրայ խօսք դառնա, զրուցէ՛ թէ ապուշին մէկն է, զրուցէ թէ միտքը բռնուած տարտամ մարդ մ՚է, հօրը հիւանդութենեն վերջը փոխուեցաւ զրուցէ, ցաւի, ողբա իմ վրաս. իսկ թէ որ մարդ մը հանդիպիս, իրօք ճշմարիտ մարդ մը, քանի մը տեսութենէ վերջ ինձ իմաց տուր անունով, տեղով, անցեալով եւ յետոյ, երբ որ ուզեմ, ինձի կը բերես: Ահա քու ընելիքդ:
– Լաւ, – ըսաւ Բաբկէն, ելաւ երթալու:
Շատոնց էր` Լեւոնի մեռնելեն վերջը` այսչափ երկար խօսակցութիւն չէր ունեցեր իր երիտասարդ տիրոջ հետ, ուստի ուրախ էր սրտով, թէպէտ դէմքը ծիծաղի սովորութիւնը մոռցեր էր: Եւ երբ դուրս կ'ելնէր, ձայնեց Թորոս.
– Բաբկէն հայրիկ, փող ունի՞ս:
– Մէկ փող չի կայ, բայց աստուած ողորմած է:
– Ինչպէ՞ս:
– Երբ ոտք չունէինք աստուած ոտք տուաւ, հիմա ալ ստակ վունինք, աստուած մեծ է, կ'ուտայ, դու հոգ մ՚ընէր:
ԳԼՈՒԽ Գ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՁԵՌՔԸ
«Լաւ՛, – ըսաւ Թորոս ժպտելով, երբ Բաբկէն գնաց, – աղէկ գիտէ ծերուկն, որ ես ալ փող մը չունիմ. պատուական մարդ, աստուած իրեն յաջողութիւն տա. տեսնենք ինչպէ՜ս կը դառնա եւ երբ, վասնզի ան մարդկանց մին էր, որ պարապ դառնալ չեն գիտէր: Ի՜նչ մտածութիւն` ծառին վրայեն հսկել իմ վրաս, եւ ի շնորհս Բաբկէնի իմացայ թէ ո՞վ է անձը, որ զիս կը խնամէ, թէ որ այդ խնամքը ծուղակ մը չէ. վանքի մը մէջ բանտարկեալ անձի մը սիրահարուիլ, ուսկի՞ց զիս տեսեր է, ո՞ւր ճանչեր է. ահա չորս տարի է որ աշխարհքի հետ մեր ամէն յարաբերութիւնք կտրուած էին, սենեակ մը երկթէ վանդակներով մեզի կը ներէր կղզուոյն բարձրութենեն տեսնել ծովը շրջապատեալ, եւ խեղճ հայրս երկու հողի վրայ աչերը սեւեռեալ` կը նայէր հողը, որ Ռուբենի գերեզմանն էր, եւ որու քով ինք պիտի թաղուէր, եւ ծովեն անդին քիչ մը հեռուն Ասիոյ ծովափունքը, որոնց շարունակութիւնը կ'երթայ մինչեւ Կիլիկիա: Կիլիկիա, ուր երբեմն թէպէտ տղայ, կը յիշէի առյւււծը, որ Տորոսի բարձանց վրայ կանգնած` կը դիտէ` ահա մեր սահմանը կ'ըսէր, որ աստուած որոշէր է. ահա սա լեռներուն գիծը եւ ծովու ալեաց փայլը թէ որ կարէնայի՜նք հայութեամբ լեցնել այդ երկիրը, կը յիշեմ նաեւ այն օրը, որ նա դղեակը դարձաւ մեծ պատերազմէ մը` վերջը, ուր շարունակ ամիսով հօրեղբօրս հետ մէկտեղ սկիւթացուոց ահագին բանակի մը արշաւանաց դէմ կը պատրաստուէին, ի՜նչ սոսկալի ամիս էր ան: Ես մօրս եւ եղբօրս հետ կ'ելնէինք մեր լեռանց վրայ այցելութեան ան խեղճ, ժողովրդեան, որ փախեր լցուէր էին կանանց, տղայոց եւ կենդանեաց բազմութեամբ ապաստարան գտնելու Տորոսի ժայռէոու վրայ, մարդիկ բոլոր զինեալ հօրեղբօրս եւ հօրս հետ բարբարոսաց բանակը կը դիտէին, որ չբաւականանալով աւարաւ, գերութեամբ ու կործանմամբ` կ'այրէին, կը վառէին գիւղեր, աւաններ ու քաղաքներ, արհաւիրք եւ սարսափ պատած էր զամենքը, ամէն անհամբեր հօրեղբօրմես ակնածողք` հօրս աննկուն եւ յանդուգն քաշութիւնը գիտնալով իրեն կը դիմէին. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի սպասենք, – կ'ըսէին, – դու ե՛լ, մենք ամէնքս քեզի հետ ենք, հա տանք, լմնցանք, մինչեւ ե՞րբ սպասենք», – Իսկ Լեւոն, հայրս` «Տղա՛ք, խենթացա՞ք, – կ'ըսէր, – ես մեծ եղբօրս այսպիսի վտանգաւոր ժամանակ անհնազա՞նդ լինիմ, աստուած չընէ, ես լաւ կշռած եւ խելամուտ եղած եմ, որ առաքինի իշխան եւ հմուտ ու իմաստուն զօրավար է նա, այսպէս ժամանակ խորհուրդ տալն անգամ յանցանք է. երբ ըսէ` պատերազմինք, պատերազմինք ու մեռնինք, բայց ան ատեն միայն»: Ետքը տեսանք, որ կը հատսնէին Տիգրան, Սպլասաթ իրենց խում բերով, Գող Վասիլ իր աննկուն վաշտերով, եւ ահա լատինացի սպառազինաց փոքրիկ խումբ մ՚ալ վրայ հասաւ, եւ պատերազմի փողը սկսաւ հնչել Վահկայ բերդին վրայեն, փողհարք լեռները կը հնչեցնէին, եւ ամէնքը գնացին: Ես ան ատեն տասը տարու էի, եւ Ռուբեն, որ ինձմէ երեք տարու մեծ էր, սուր մը ձեռքը եկաւ զիս գտաւ. «Քալէ՛, Թորոս, – ըսաւ, – մենք ալ երթանք պատերազմի, մենք կնիկ ե՞նք, որ հոս դղեակը նստինք». ես տարտամ կը մտածէի, վասնզի սուր չունէի, երբ մայրս վրայ հասաւ, երկուքնիս ալ զինեալ եւ անզէն բերդին աշտարակին մէջ բանտարկել տուաւ:
Օր մը հոն կ'եցանք, մէկ մ՚ալ յաղթութեան ձայներ լսուեցան, մեր բանտին դռները բացուեցան. իրաւ, թէպէտ ամէն աչք սգոյ արցունք կուլային, բայց դարձեալ յաղթութեան ուրախութիւնը զամենքը գինովցուցեր էր. իսկ հայրս երբ տեսանք, շփոթեցանք, չէինք գիտէր ո՞ղջ էր թէ մեռած, վիրաւոր կարծեցինք եւ իմացանք թէ յոգնած էր եւ թէ յաղթութիւնը գրեթէ նորա քաջութեան սքանչիլիքն էր: Անկողնին մէջ պառկած օրերով` բոլոր զօրագլուխները կ'ուգային զինքը փրկիչ կ'անուանէին, եւ հօրեղբայրս նախ կը վկայէր աննախանձ թէ աստուծմէ վերջը Լեւոն Կիլիկիոյ ազատարարն եւ առիւծն եղաւ: Ամէն օր կ'ուգար զինք տեսնելու: Ի՜նչ ուրախ օրեր անցան մինչեւ գերութեան օրերն, որ եկան. ոհ, մոռնամ այն օրերը եւ շյիշեմ: Ներկային վրայ` այո՛, պէտք է մտածել, բայց ներկան անծանօթ ապագայ մը ունի. տեսնենք սա կինը անշուշտ ինձի պիտի երեւայ, եւ սա քօղը պիտի վերնայ. ինչ կը նշանակէ. թէ որ յոյները զիս սպաննել ուզէին` ի՞նչ դժուարութիւն կար իրենց համար. սպասենք ուրեմն»:
Սպասաւորը եկաւ ճաշի հրաւիրելու. իշխանը, որ երբ իջաւ, տեսաւ, որ յարգանօք կ'ողջունէր զինքը առջի օրուան մարդը, որ տուն առաջնորդէր էր եւ բնակեցուցեր, դարձեալ իմացնելով թէ պատրաստ է ամէն հրամանները կատարել. իսկ Թորոս իր անհոգ եւ միամիտ ձեւը հագնելով, պատասխանեց թէ գոհ է եւ գանգատի նիւթ ամենեւին չունի: Ուստի ճաշը կատարելեն վերջը առանց երկար խօսակցութեան մտնելու այդ մատակարարին հետ, քաշուեցաւ դարձեալ վերի սենեակը` իմացնելով թէ քուն ունի:
Թէ որ Ալեքսանդրէ սկսեալ բոլոր երեւելի մարդիկ ծանր պարագաներու նախերգանաց մէջ կրցեր են քնանալ, պէտք չէ զարմանալ, յաջողութեան ապահովութիւնը միշտ յոգնած մտքի մը քուն կը պարգեւէ, այսպէս եղաւ նաեւ մեր Թորոսին, որ դարձեալ քունի թաղուեցաւ. բայց քուն մը, ուր իրեն կ'երեւար թէ գեղեցիկ, ոսկեթել մազերով կին մը թեթեւ քայլերով իբր ստուեր անկողնին շուրջը կը պտտի, ու քանի անգամ, որ ձեռքը իրեն կ'երկնցնէր` փախուստ կ'ուտար. աս խաղը շատ անգամ հանդիպելով վերջապէս աչքերը բացաւ եւ մարդ չի կար. աչքը խաբուսիկ դռանը դարձուց եւ տեսաւ կիսաբաց, թէպէտ կորովի, թէպէտ բնութենեն աներկիւղ, սաստիկ զարմացաւ տեսնելով, որ իր անշարժ սիրտը կը թնդար, կը բաբախէր եւ զօրութիւն մը զինք կը ձգէր, կը քաշէր դէպ այդ կիսաբաց դուռը. ուստի կանգնեցաւ գինովի մը պէս, դուռը սողաց, անհետ եղաւ իր մատանց դպելուն, եւ մտաւ նա նոր սենեակ մը, ուր լռութիւն եւ միայնութիւն կը տիրէր. քօղարկեալ վարագոյրներով պատուհաններ լոյս կը նուազեցնէին, բազմոց մը եւ խորանի պէս թան մը կար մէկ կողմը, դէպի հոն դիւեց եւ հազիւ թէ քայլ մը առաւ, մնաց… Եղբօրը` Ռուբենին, կենդանի պատկերը պատին վրայ կախուած, գոյնզգոյն, թարմ ծաղիկներով պսակուած տեսաւ. աս տեսարանը մէկեն զինք փոխեց, սրտին փոթորիկը դադրեցաւ, ալեկոծութիւնը հանդարտեցաւ, եւ յորդառատ արցունքի հեղեղ մը երեսնիվար կը վազեր, ձեռքը` ճակատն ու մթնցած աչքերը կը գոցէին, արձան մը տխրութեան հոն կեցէր էր, երբ փափուկ, պզտի ձեռք մը` անուշ ձայն մը, որ իր անունը կ'ուտար, զինքն ի խորունկ քունէ արթնցուց. եւ երբ տղու մը պէս իր ձեռքը թոյլ տուաւ այն ձեռքին եւ աչքերը դարձուց անոր, որ զինք կը կոչեր, յիրաւի սքանչելի, ազնուական եւ լուրջ կերպարանք մը տեսաւ, պարզ` զգեստներուն, պարզ` զարդարանաց եւ պարզ իր գեղեցիկ հասակին համեմատութեան մէջ: Աչքերը իրեն յառեալ` «Բաւ է այդչափը, իմ սիրուն Թորոս, – ըսաւ, – արցունքը մեր կանանց իրաւունքն է, ձեր բաժինը վրէժն է. ես շատ գիշերներ անցուցեր եմ այդ պատկերին առջեւ արցունքով»: Իսկ Թորոս այդ ձիւնափայլ ձեռքը իր շրթանց տարաւ, ուզեց խօսիլ, չի կրցաւ, վասնզի արցունք եւ սրտի յուզմունք ձայնը խեղդէր էին. իր քաղցր խրատուն իբր գորովալի մայր` ձեռքեն բռնած տարաւ բազմոցին վրայ քովը նստեցուց եւ բեհեզեայ թաշկինակաւ իր եւ անոր արցունքները կը սրբէր: Երկայն վայրկեաններ անցան եւ այս երկու տարբեր գեղեցկութեանց սքանչելիքն իբրեւ հին բարեկամներ ձեռք-ձեռքի, ծունկ-ծունկի, աչք-աչքի կիսանուաղ կը նայէին, մինչեւ աչքերը կենդանութիւն առին, եւ վերջապէս Թորոս կամաց ձայնով մը ըսաւ. «Չեմ գիտէր ով ես. բայց հրեշտակ մը չի կրնար ուրիշ կերպարանք մը ունենալ եւ ոչ ուրիշ ձայն մը, եւ ոչ այդ գորովալից խնամքը. զիս թշուառ պանդուխտս, հէգ բանտարկեալս, դժբախտ գերիս, ո՞ւր տեսար, ինչո՞ւ կարեկցեցար եւ ինչպէ՞ս սիրեցիր. աս պատկերին առջեւ չի հասած հանելուկը հանել անկարելի էր, բայց հիմա կարծեմ թէ կը խելամտիմ»:
– Այս էր իմ փափագս ալ, երկայն, սովորական եւ անհամ տարփական խաղեր ինձի սիրելի չեն: Ուստի նախ զիս, իմ անցեալս սուիտի ճանչես: Իմ անունս Եւփիմէ է. իմ հայրս` Ալեքսիս, Փոքր Հայոց կուսակալ. երբ Սեբաստիա Հայոց թագաւորաց յանձնուեցաւ, Արծրունի իշխանի մը աղջկան հետ կ'ամուսնանայ, եւ Պոլիս դառնալեն տարիներէ վերջը ես կը ծնիմ. ես կ'աթնկէր տղայ միակ մխիթարութիւն կը մնամ մօրս, որ իր նոր ազգութեան հետ բոլորովին չէր կրցեր հաշտուիլ մինչեւ իր մեռած վայրկեանը, ուստի ես հազիւ չափահաս եղած Կոստանդին կայսրը զձեզ կալանաւոր բերաւ Կիլիկիայէ, մայրս առանց ձեզ ճանչելու անմխիթար էր ձեր անկման` համար. ընկերացեալ հօրս հին բարեկամաց` ամէն ջանք ի գործ դրաւ` առանց երբեք երեւալու, եւ յաջողեցաւ զձեզ բանտեն ազատել եւ արքունեաց դուռը նաեւ բանալ ձեզի. այն օրէն` եւ առջի տեսնուելուն զիս Ռուբենի հետ նշանելու միտք յայտնեց, մանաւանդ որ տարեկից էինք: Բայց Ռուբենի սրտաբաց կերպը, գեղեցկութիւնը, բիւզանդացի կանանց անբարոյական վրաձգողութիւնը, նորա ալ զուարճութեանը անյագ սէրը Հօրս մտաց հաստատութիւնը խախտեց, եւ դեռ մէկուն չի բացուած սկսաւ ջանալ զիս համոզել, որ այդ երիտասարդեն անցնիմ, քանի որ ապագայ դժբախտութիւն մը ակներեւ էր, բայց իմ սիրտս այդ պատճառաբանութեանց չէր կրնար համոզուիլ, նախանձը զիս կ'ուտէր, եւ անտարբեր կը ձեւացնէի ինքզինքս. պատերազմ կար ներսս, եւ մէկուն չէի կրնար բանալ. ուստի մօրս հնազանդելու համար ամէն ջանք ըրի, եւ Ռուբենի անունն` անգամ ալ բերնես չելաւ. մայրս կարծէր թէ մոռցեր էի, եւ ես Ռուբեն կ'երազէի: Զանազան անձանց հետ ամուսնութեան առաջարկներ ըրաւ բայց ես միշտ կը հեռացնէի, մինչեւ որ ծանր հիւանդութեամբ պառկեցայ, եւ բանդագուշանքս մօրս յայտնած էին գաղտնիքս, ուստի խեղճը բժշկին խորհրդով զիս Ռուբենի հետ ամուսնացնելու ամէն ջանք ընելու խոստմունք ըրաւ, եւ հիւանդութիւնը նոյն վայրկենին բարեփոխութիւն ունեցաւ, եւ օրաւուր ես առողջութեան մէջ հաստատուեցայ, գոյներս եկան. Ռուբենի հետ մէկ քանի տեսութիւն իր կեանքի ձեւը փոխեցին, եւ Ռուբեն առանց` մեզի սպասելու առաջարկութիւն մը ըրաւ մօրս` հօրը հաւանութիւնն ընդունելու պայմանաւ: Մեր ուրախութիւնը` մանաւանդ մօրս ուրախութիւնը` անկարելի է պատմել. բայց ինչչա՜փ կարճ եղան ուրախութեան օրերը: Յանկարծ դժբախտ դիպուածին լուրը տարածուիցաւ, մայրս զիս մխիթարելու կը ջանար, երբ ինք ինձմէ աւելի հիւանդ էր, ես անկողին ինկայ, սաստիկ ջերմ մը զիս կը տանջէր. նոյն միջոցին մայրս ուրիշ սենեակ մը մեռէր էր: Պառաւ հօրաքոյր մը իմ վրաս կը հսկէր երկու տարի, եւ հօրս բարեկամ, ծեր եւ փորձ բժիշկ մը, որ հազիւ թէ ես քիչ մը շարժէլու սկսայ` զիս հիւծեալ եւ մաշեալ` Իշխանաց կղզին օդափոխութեան տանել հրամայեց, մեր բնակարան տունն ինք որոշելով. հոն հօրաքոյրս եւ ինք ինձի հետ միայն կը զբաղէին եւ կ'առնէին զիս մօտակայ վանքը կը տանէին մեծաւորին, եւ բժիշկը կը նստեցնէր զիս պատուհանի մը առջեւ, բարի եւ սրամիտ ծերուն դիտաւորութիւնը իմացայ այն օրը` երբ զքեզ հօրդ հետ տեսայ, պարտէզին մէջ կը շրջագայէիք. Ռուբեն կենդանացած կարծեցի, եւ գետին պիտի գլորէի թէ որ արթուն ծերը, որ զիս աչքեն չէր կորցնէր, զիս չբռնէր. մարելուն հետեւանք սոսկալի ջղային ցնցմունքներ եկան եւ այն օրէն կեանքը իմ երակներուս դարձաւ. զքեզ երբեմն տեսնել նոյն պատուհանեն իմ դեղս եղաւ. տեսայ դարձեալ զքեզ հօրդ դագաղին ետեւեն, երբ բանտեն գերեզմանատունը կը տանէին, երդում ըրի ան ատեն զքեզ ազատելու համար ամէն ջանք ընել. տարի մը անօգուտ աշխատեցայ իմ պատուական բժշկիս հետ, եւ երբ Մանուէլ հօրը տեղն անցաւ, ալ ապահովեցայ, իսկ քու սրտիդ համար ամենեւին երկբայութիւն չունհի. եւ այնպէս համոզուած էի թէ Ռուբենի այնչափ նման եղբայրը, որ զիս այնչափ սիրեց` անկարելի էր, որ անոր սրտին նման սիրտ չունենար, եւ թէ նորա յիշատակը մեր սրտերուն հանգոյց չլինէր:
– Այսպիսի ազնիւ սրտի, այդ հրաշագեղ կերպարանաց, այդչափ իմ ազատութեանս համար եղած ճգանց, եղո՜ւկ, դառնացեալ սրտէ մը զատ ոչինչ չունիմ, եւ այն կրնա՞յ բաւական փոխարէն համարուիր
– Ի՞նչ, – ըսաւ աղջիկը, եւ աչքերն այնպիսի լուսոյ նշոյլ մը փայլատակեցին այս հարցական թառին հետ, որ Թորոս զարմացաւ, – դու սի՞րտ մը միայն ունիս. չէ՛, Թորոս, դու այդ սրտիդ հաւասար ապագայ մ՚ալ ունիս, դու իշխանութեան ընդարձակ երկիր մ՚ալ ունիս եւ անոնք կը մոռնա՞ս. ես քու ձեռքիդ երբ փափագեցայ, քու իշխանութեանդ փառքին ալ մասնակցիր փափագեցայ, ահա կը տեսնես, որ ես շատ ըահասէր եմ եւ շատ փառասէր, մի՛ կարծէր զիս այն կանանցմէ, որոնց մտքին ընդարձակութիւնը իրենց սրսկապանեն անդին չի կրնար տարածուիլ, ո՛հ, չէ՛, ես քեզի ինչպէս Ռուբենին` իշխանական աթոռ մը կը փափագիմ, ես ձեր այս տոհմական կազմուածքին մէջ Պլուտարքոսի դիւցազուններ կը տեսնեմ. ներէ՛, ես դեռ մօրս ազգին դիւցազունքը չեմ ճանչեր, եւ կրնաս ապահով լինել, որ անխոնջ գործակից մը եւ ամենայն վտանգաց անվեհեր դիմագրաւ մը հիս պիտի գտնես: Դու ճանչցար հօրդ սուրը, զօր քեզի համար պարտաւորեցայ զինարանեն գողնալու հարիւրապատիկ իր գնոյն վճարելով (նիւթական գնոյն է խօսքս), եւ դու արժանի մնացիր զայն կրելու:
Թորոս առանց իմանալու բազմոցեն ծունկի վրայ եկեր էր աս հրաշագեղ մարգարէուհուոյն առջեւ, իր բոլոր խոհեմութեան առաջադրութիւնները մէկդի դնելով, եւ երբ դադարեցաւ խօսքեն`
– Քուկդ եմ, – ըրէ զիս ինչ որ կ'ուզես. դու փառասէր ես, կը սես, կ'ուզես թագուհի ըլլալ, եղի՛ր, միայն հայ եղիր, եւ առաջին սպասաւորդ եւ խոնարհ ծառադ ես կը լինեմ, եւ բոլոր իմ ազգս քու հպատակդ կը լինի, միայն թէ օտարին գերութենեն ազատի:
Եւ աս խօսքերն ըսելով ձեռքերը կը պագնէր, իսկ նա, որ հանդարտէր էր, ելաւ վերցուց Թորոսը, եւ թեւը մտնելով դէպի կեղծ դուռը գնաց, որ կիսաբաց մնացեր էր եւ երբ կուղէր մտնել ու Թորոս զինք կ'արգիլէր`
«Մի՛ վախեր, – ըսաւ, – քու սպասաւորքդ իմ միամիտներս են, մօրս ձեռքը մեծցած. դու ալ անշուշտ քու ծառայիդ վրայ ապահով ես, ուսկի՞ց կը վախես, մանաւանդ որ իրենց ապսպրած է, առանց քու կոչիդ, սանդուխհն վեր չելնել: Կ'ուզեմ տեսնել անձամբ թէ բանի մը պէտք ունի՞ս, ի՞նչ կը պակսի քեզի»: Եւ այս ըսելով դարանները կը բանար, գզրոցները կը զննէր եւ տեսնելով, որ բանի մը ձեռք դպուած դեռ չի կար` «Պէ՞տք է զրուցել, աւելցուց, որ ինչ որ իմս է, քուկդ է, ինչ որ հոս կայ, քու գործածութեանդ համար է, անշուշտ դու ստկի պէտք ունիս, եւ ապահով եմ, որ գզրոցին բանալին դեռ դարձած չէ. հիմա որ մենք ալ իրարու ենք` կը յուսամ թէ իմս քուկդ է, քուկդ իմս է»:
– Քու աս խնամքդ; քու այսչափ երկար…
– Մի՛… – ըսաւ Օրիորդը, իր ձիւնափա՛յլ մատը Թորոսի շրթանց վրայ դնելով, ժպիտով մը, – միգուցէ ասկից վերջը շնորհակալութիւն բառը բերնեդ հանես, մեր մէջ առեւտուր մը կայ, չէ՞ մի, որ դու ինձի աս փոքրիկ տան փոխարէն արքայական աթոռ մը պիտի տաս, աս շորերուն փոխարէն ծիրանի, աս երկու ապուշ սպասաւորաց փոխարէն ազգ մը հպատակ, թէ որ խաբուող մը կայ, ես չեմ, Թորոս:
Փոխանակ պատասխանի Թորոս ան սիրուն, ձեռքը համբոյրներով ծածկեց, երբ աղջիկը ցնցուելով մը` «Մենք չիմացանք ժամանակը. պէտք է երթամ, – ըսաւ, – երբ զիս տեսնել ուզես, սա դարանին խորը սա օղակը քաշէ եւ ես կ'ուգամ»:
– Թէ որ ես չհամարձակիմ օղակը քաշելու:
– Ամէն համարձակութիւն ինձմէ՞ կը սպասես:
– Ես որ կարծէի թէ աշխարհիս վրայ բան մը չի կար, որ զիս շփոթէր եւ վախեցնէր, ինքզինքս փոխուած կը գտնեմ: Ես որ երեք կայսեր գահույից առջեւ սրտի տրոփ մը չունեցայ, ի՞նչ եղայ, չեմ գիտէր: Հիմա տղու մը պէս կը դողամ քու առջեւդ. ի՜նչ է աս:
– Աս կնշանակէ, որ դու դեռ տղայ ես, եւ պէտք է քու դաստիարակութեանդ վրայ հսկեմ ես: Այս երեկոյ ուրեմն կ'երակուրեն վերջը կը տեսնուինք, երբ ամէնքը պառկին:
Եւ աս ըսելով ձեռքը տուաւ, որ պագնէ, եւ դռնեն անհետ եղաւ ու գնաց: Իսկ Թորոս մնաց հոն այն դռան առջեւ, փոխուած մարդ մը բոլորովին, սիրտը նոր, անծանօթ զուարթութեամբ մը զեղուն, եւ խաւար աշխարհք լուսաւոր եղած էր իրեն համար. երեկոյեան արեւուն վերջի ճառագայթները վճիտ ոսկեղէն էին, ծառերու եւ ծաղկանց կանաչը շատ աւելի գեղեցիկ էր, քան մէկ քանի ժամ առաջ, օդը առողջ եւ թեթեւ էր շնչելու, եւ վերջապէս երբ պատուհանեն վար նայելով տեսաւ զբաբկէն, այնչափ իրեն գեղեցիկ երեւցաւ իր փշոտ եւ հաստ յօնքերով եւ իր յիսուն բայց կորովի տարիներով, որ եթէ չամչնար, պիտի ցատկէր, իջնէր եւ համբուրէր:
Բայց ինքզինք զսպելով, ակնարկ ըթաւ, որ վեր գա:
ԳԼՈՒԽ Դ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՎԻՃԱԿԸ
Թէպէտ զուարթութիւնը կը փայլէր Թորոսի բոլոր կերպաբանաց վրայ, թէպէտ ամէն պատրաստութիւն ունէր խօսելու` քան լսելու, բայց Բաբկէնի լուրջ եւ տխուր կերպարանքը առժամայն ազդեցութիւն մը ըրին սրամիտ երիտասարդին վրայ, որ իր տարիքեն անհամեմատ վեր էր իր քսան տարիներուն մէջն ալ: Բաբկէն` թէպէտ հազիւ թէ պարզ կարդալ եւ անունը ստորագրել միայն գիտէր, արտաքոյ կարգի խոհուն, անհամեմատ ուժով, տոկուն եւ անխոնջ պատերազմի մէջ, անդրդուելի, հաւատարիմ եւ նախանձայոյզ ազգասէր մարդ մ՚էր:
Թորոսի եւ Լեւոնի յաջողութեանց անթոյլ գործակից, եւ առաջինին պաշտող յիշատակին երկրապագու կրօնամոլ, միտքը դրած էր, որ եթէ Թորոս երկայն ապրէր, անտարակոյս Կիլիկիոյ անկախութիւնը ան ողորմելի վիճակը չէր ընկնէր. ուստի Լեւոն իրեն համար աննման քաջակորով երիտասարդ մ՚էր, զուրկ ան խորագիտութենեն եւ նախատեսութենեն, որ իշխանի մը եւ զօրավարի առաջին յատկութիւնքն են: Բայց որովհետեւ հաւատարմութեան մէջ անդրդուելի էր, խնդրեց Լեւոնի ծառայութեան մէջ մտնել եւ նորա գերութեան անբաժանելի ընկեր եղաւ. բանտին մէջ երկրորդական անձինք էին իրեն համար Լեւոն ալ, Ռուբեն ալ. ամէնքը երկու եղբայր նման կը գտնէին իրարու, ինք Թորոսի եւ իր եղբօր մէջ անբաւ հեռաւորութիւն կը գտնէր: «Ռուբեն, – կ'ըսէր, – հօրը ճիշտ զաւակն է, ուժով, թեթեւամիտ, քաջ մինչեւ ի յանդգնութիւն եւ ի հրաշագործութիւն ծանր վտանգի մէջ, որ կրնան զինք երբեմն ի յուսահատութիւն տանիլ, բայց պզտիկը, ո՛հ իր գլուխը երբեք պիտի չի կորսնցնէ, իր հօրեղբօրը պէս պիտի լինի անյոյս վիճակներու մէջ` անխռով եւ հնարագէտ»: Ուստի Թորոս իր հայրենասէր յոյսերուն զաւակն էր:
Ոչ Ռուբենի աչագրաւութիւնը եւ մահը եւ ոչ Լեւոնի վախճանը, որ զինք տխրեցուցեր եւ դառնացուցեր էին, կարելի էր բաղդատէք Թորոսի փոքրիկ մէկ հիւանդութեան հետ, ուր Բաբկէն ինքզինք կը մոռնար, ա՛լ պարտաւորութիւնը չէր, որ անքուն կը հսկէր պատանուոյն սնարին քով, այլ գորովագութ մօր մը աչալրջութիւնն էր. մինչեւ իր խոշոր եւ հաստ ձայնը դայլայլիկ մը առնուլ կը ձեւանար եւ կը փափկանար թէ որ կարելի ըլլար իր ահագին ձեռքերը նաեւ պիտի մանրանային, երբ դեղին սկահակը իրեն կ'երկնցնէր. այնչափ խնամք կը տանէր զինքը խնամելու եւ տածելու ժամանակ:
Ուստի, հիմա երբ տխուր ու դառն ներկայացաւ, Թորոս` «Ի՞նչ կայ, Բաբկէն հայրիկ, ընքուիներդ շատ խաւար կ'երեւան այսօր,– հարցուց, միթէ ամենեւին հայ սրտով մարդ մը չի կրցա՞ր գտնել»:
– Երանի՜ թէ չի գտնէի. գէշ, իշխանիկս, գէ՜շ:
– Ի՛նչ գէշ, զրուցէ՛ գլուխդ երերցնելուդ, ո՞ւր է գէշութիւնը:
– Միտ դիր, իշխանիկս. ես հոսկից ելայ անծայր քաղքին մէջ բոլոր շուկաները պտտեցայ, մէկ կիլիկեցի հայ մը տեսնեւու համար, որ կարէնամ լուր մը առնուլ թէ մեր լեռները, մեր տղաքը ի՞նչ եղան. իրիկուն եղաւ, ալ յոյսս կտրէր էր, մեյ մ՚ալ մէկը զիս դրդեց կամաց ձայնովի «Բաբկէն եղբայր», ձայնեց. գլուխս վերուցի, նայիմ` երկայն հասակով մէկը, բեռնակրի հագուստներով, չի ճանչցի.
«Մի՛ խօսիր, – ըսաւ, – միայն ետեւես եկու, ես ալ զքեզ կ'ուզէի տեսնել»: Ո՞վ էր, չգիտէի, ան քիչ մը առջեւեն, ես ալ անոր հետեւելով շարունակեցինք ճամփան` մինչեւ խղճուկ իջէան մը հասանք, եւ սենեակ մը բացաւ: Երբ դուռը գոցեց «Զիս չի ճանչցի՞ ր», հարցուց. «Չէ» ըսի: «Բարի նշան, թէ որ դու ալ զիս չի ճանչցիր, ուրեմն սատանան ալ զիս չի կրնար ճանչել: Վահկեցի Կոստանդինը չե՞ս ճանչեր»: Իրօք Վահկեցի բերդակալն էր, եւ սկսաւ ինձի պատմել թէ ինչպէ՞ս բերդին անձնատուր լինելեն վերջը, բռնէր էին զինք հոռոմք ու շղթայակապ նաւումը մէջ դրած Պոլիս կը ղրկէին, եւ թէ ինչպէ՞ս շղթաները կոտրելով նաւաստիներն ու պահապանները սպաննէր եւ նաւը Սելեւկիոյ ծովեզրը կրցեր էր խրեւ եւ անկից Տորոսի ծովեզրեայ ժայռերուն եւ մացառներուն մէջեն` գիշեր-ցերեկ, շատ անգամ անօթի, ծարաւ` քանի մը ձիթուն, քանի մը եղջիւր միայն ուտելով, վերջապէս Սեւ լեռ գտեր էր, եւ թէ ինչպէ՞ս հոռոմները ամէն տեղ զմեր հայրերը կը հալածէին, կը չարչարէին, եւ թէ ամէնքը կը մրմռային, եւ թէ ան մեր անպիտան ազգուրաց Լամբրոնի իշխան-ները` անհոգ, անկարեկիր էին անոնց նեղութեանց, որովհետեւ իրենք իրենց առ կայսր հաւատարմութեան վարձք առած էին պատիւ եւ իշխանութիւն: Իսկ Մամեստեայ հոռոմ կուսակալը` ամէն օր զհայն ու իր հաւատքը կը հայհոյէր, եւ ամէնքը աոտուծմէ Լեւոնի տղոց մէկուն հասնելուն կը սպասէին, որ զէնքի վազեն: Ուստի Կոստանդին հարցուցեր էր թէ ո՞ւր են Մլեհ եւ Ստեփանէ. եւ իմացեր էր թէ Հալէպու Նուրետտին ամիրային ծառայութեան մէջ մտած էին. ելեր գնացեր էր զանոնք գտնելու, եւ հազիւ թէ Ստեփանէ համոզուէր էր Կոստանդինի հետ Կիլիկիա դառնալու, Մլեհ վրայ հասնելով, ոչ թէ միայն իր եղբօրը միտքը շրջելու` այլեւ զկոստանդին մատնելու երդում ըրած էր, եթէ նոյն օրը տաճկին հողերեն դուրս չելնէր:



