- -
- 100%
- +
Կոստանդին ալ յոյսը տրած եկեր էր Պոլիս, որ թէ կարելի է մեր կղզուոյն բանտը կոխէ, հայրդ ու զքեզ ազատէ եւ տանի Կիլիկիա կամ մեռնի. ուստի զքեզ կուզէ հիմա տեսնել:
Իսկ Թորոս աս պատմութիւնը մտիկ ընելեն վերջը առանց պատասխան մը տալու եղաւ եւ մտախոհ` սենեկին մէջ վեր-վար կը շրջագայէր` երբ Բաբկէն արձանի պէս անշարժ կեցէր էր. վերջապէս Թորոս դառն ժպիտով մը`
– Բաբկէն հայրիկ, – ըսաւ, – շատ կ'ուզէի Կոստանդինը տեսնել, վասնզի կ'երեւակայեմ թէ ինչչափ, որ շատախօս է, նոյնչափ եւ աւելի ալ քաջ է, բայց այս անիծեալ կառավարութիւնը, որ աւազակներու, գողեր ու համար ինչչափ անփոյթ է, այնչափ արթուն է մեզի պէս գերիներու համար, ո՛վ գիտէ թէ Կ'ոստանդնի հոս գտնուիլը ոստիկանութեան լրտեսները չեն գիտէր, եւ արդէն կամաւ թողած են, որ պատի եւ տեսած ու տեսնուած մարդիկը նշանակեն: Քանի որ Մլեհ այդչափ անարգ սիրտ մը ունի, եւ Ստեփանէ այդչափ հողդողդ է, քանի որ Լամբրոնի իշխանքը հոռոմոց գերութենեն չեն ձանձրացեր, ես պէտք է իմ ազգիս գլխուն ճարը տեսնեմ. զրուցէ Կոստանդնին, որ զիս տեսնել անօգուտ է, թող զիս Սեւ լեռը սպասէ: Այսչափ տարի համբերեց, շատ-շատ` տարի մ՚ալ համբերէ: Ի՛նչ տեղեկութիւն, որ բերէր է` ինձի բաւական է: Բայց չի հարցուցի՞ր թէ ինչ միջոց, քանի հոգի ունի եղեր, որ աս մայրաքաղաքին դռան առջեւ կը ղզիի մը բանտ մը կոխելու յանդգնութիւնը ունեցեր է:
– Քիչ մը դրամական օգնութիւն գտնելով քանի մը եկեղեցականներէ, գենովացի նաւ մը վարձեր է, հինգ ալ ընկեր գտեր է իրեն պէս անվեհեր մարդիկ եւ աս խորհուրդը մտածէր է:
– Բայց դու ի՞նչ ըսիր, Բաբկէն, աս մեր Կոստանդնին մտածութեանը:
– Ըսի թէ յիմարութիւն է, եւ բարեբախտութիւն մ՚է, որ արդէն բանտին դուռը բացուած լինելով իրենց քաշութեան կարօտութիւն չէ մնացած, որ Կիլիկիոյ միմիայն յուսոյն թերեւս անօգուտ մահը պիտի պատճառէր: Ուստի չե՞ս ուզէր իրեն գալը զքեզի հետ տեսութեան:
– Չեմ ուզէր, որ այսպիսի քաջ մարդիկ հուսակտուր լինին, ուստի դու կրնաս խոհեմաբար զիս տեսնելու անօգուտ եւ վնասակար հետեւանքը իմացնել:
– Արդէն գրեթէ իմացուցի, եւ ինք շատ տխրեցաւ, վերջին պատասխանի մը կսպասէ վաղը շուկայի մեծ դռան առջեւ:
– Ահա, վերջին պատասխանն ալ դարձեալ աս պիտի լինի: Երթալ եւ մեր լեռներուն մէջ ինձի սպասեւ:
– Այսչա՞փ: Ուրի՞շ:
– Կ'երեւայ թէ ուրիշ մտածութիւն մ՚ալ դու ունիս, Բաբկէն հայրիկ:
– Այո՛, ունիմ:
– Զրուցէ՛ ուրեմն:
– Կը հրամայե՞ս, որ զրուցեմ: Ի՞նչ կարգիլէ, որ մենք ալ Կ'ոստանդնի պատրաստ նաւով դառնանք Կիլիկիա. կարելի չէ՞, որ Կոստանդին հազիւ հասած դեռ մարդ իր գալուն հոտը չառած, մտնենք իրեն հետ նաւը եւ շուտով ճամփայ ելնենք:
Եւ այս խօսքերը ըսելուն` Բաբկէն իր երկայն ընքուիներուն տակեն իր սուր աչքերը Թորոսի բիբերուն վրայ տնկած պատասխանի մը կը սպասէր: Այդ նայուածքը եւ նորա նշանակութիւնը միայն Թորոս կրնար իմանալ, ուստի անխռով պատասխանեց, ոչ թէ Բաբկէնի մտքին, այլ սրտին խօսելով:
– Մենք մեր բանտեն ելնելուն երկրորդ օրը թէ որ այս բնակարանը թողունք եւ փախինք, կարելի է, որ կարէնանք ողջ-առողջ Կիլիկիա հասնիլ, միթէ բոլոր յունաց սրընթաց նաւերը մեր ետեւեն չե՞ն սրանար, միթէ ան կառավարութիւնր, որ Լեւոնի մահուընեն գրեթէ տարի մը վերջը իր ապուշ տղան բանտեն ազատելու համար այնչափ բարեխնամ աղաչանաց խուլ եղաւ, եւ հազիւ շնորհք մը ընելու զիջաւ, կը յուսա՞ս թէ գաղտնի մեր վրայ չի հսկէր եւ մեր առաջին անխոհեմութեան անյուշ բանտի զմեզ չի դատապարտէր: Ես ալ կը սիրեմ ազատութիւն, ես ալ կը յիշեմ մեր լեռներուն պայծառ արեւը, երեկոյեան զով քամին եւ անջինջ երկնքին պարզութիւնը, եւ բան մը չի կայ, աս լաւ լսէ՛, Բաբկէն, բան մը, որ կարէնայ զիս իմ պարտքես, իմ առաջաղրութենես կասեցնել, բայց ուխտ ալ ունիմ, որ հախուռն բան մը չընեմ:
Աս վերջին խօսքերը, որ Բաբկէնի ճակատը պարզեցին եւ յօնքերը իրենց բուն տեղը տեղաւորեցին, դեռ իր վստահութիւնը ամբողջ չի կրցան գրաւել, եւ Թորոս լուռ կը նշմարէր, ուստի իբրեւ թէ նորա մտաք խորունկը չի թափանցած` քանի մը պտոյտ ընելէ վերջ, սենեկին մէջ, ըսաւ.
– Ես քեզի ուրիշ գաղտնիք մը պիտի հաղորդէի, սա գռան գաղտնիքը, որ պարզուեցաւ: Օրիորդը, որ դու նախ տեսար, որու թերեւս միայն պարտական ենք մեր ազատութիւնը, հայ է մօր կողմէ եւ սրտով բոլորովին:
– Փա՜ռք աստուծոյ:
– Այդ կողմեն ալ սիրտդ հանգիստ բռնէ. առ սա քանի մը ոսկին, անցիր դիմացի կողմը Ղալաթիոյ քաղաքը, հոն հայոց եկեղեցի ալ կայ նայէ՛, տեսնուէ՛ ազգայնոց հետ, ի՞նչ վիճակի մէջ են, իմացիր, թէ որ առանց կասկածի ստուեր տալու կրնաս իմանալ թէ գենուացի նաւեր կան, որ ոչ Միջերկրական միայն` այլ նան. Պոնտոսի ծով կ'երթան, տեղեկութիւն ա՛ռ, ամէն ճամփայ լաւ է Կիլիկիա մտնելու համար: Ամենեն ապահով տեղ տեսնուելու համար` հայ եկեղեցին կրնայ լինիլ. բայց այդ նաեւ ինձի համար արգիլուած է, թերեւս, ինձի համար աս բանտը չեմ գիտէր առաջինեն որչափ ընդարձակ է: Տեսնենք… Դու խոհեմութիւն ունիս, պէտք չէ որ ես քեզի կը կրկնեմ թէ ինչ վիճակի մէջ ալ լինիս, պէտք է ջանաս իմանար բայց միշտ առանց հարցնելու: Ժամանակը արդէն ուշ է, դու ալ յոգնած ու անօթի, երթանք կերակուրի:
Թէպէտ Բաբկէն իրօք անօթի էր, բայց կար բան մը, որ դեռ իրեն համար վարագուրեալ էր մասամբ, այսինքն` աղջիկը, որ «մօր կողմէ հայ էր եւ որ իրենց ազատութեան համար աշխատէր էր». եւ քանի որ մանրամասն պատճառները չէր իմացեր, իր ախորժակը կատարեալ չէր. բայց որպէսզի Թորոսի կամաց դէմ չի մեղանչէ, որ աններելի յանցանք կը համարէր, ամէն կերակուրներէն կշտապինդ կերաւ, Կիզիկոնի վճիտ գինին լաւ մը խմեց, եւ երբ Թորոս ելաւ քաշուեցաւ իր սենեակը, իր լայն յօնքերը վեր առնելով եւ իր սուր աչքերը գոհութեան ժպիտով մը անոր յետոց վրայ դարձնելով «Աստուած յաջողութիւն տա, իշխանիկս», կը մռմռար քթին տակեն, «Դու շատ խելօք տղայ ես, որ աղջիկ մը խելքդ հափափէ ու քեզ կնիկ դարձնէ, ալ ես այս գիշեր հանգիստ կրնամ քնանալ. դու զուարճացիր ինչչափ կ'ուզես, բաւական է, որ տարին չանցած աս նզովուած քաղքին պարիսպներէն մէկ մը դուրս նետուինք…: Մեր լեռները հարցուցի, մեր ազգին ընդհանուր վիճակը հարցուցի… իմիններս ամչցայ հարցնելու` վախեցայ հարցնելու… ո՞վ գիտէ, ի՞նչ եղան, ո՞ղջ են, մեռա՞ծ են, ո՞ւր են… իրաւ է որ անոնք հարցնելու ժամանակ ալ չի կար, անշուշտ ան ալ չէր գիտեր… Լաւ տղայ է Կոստանդին, քաշ է, ի՛նչ օգուտ, որ թեթեւ է. ո՛վ գիտէ Մլեհի՞ն էր յանցանքը թէ իրեն…»:
Այս մտածութիւններով սկսաւ մրափել Բաբկէն հայրիկ իր նստած տեղը, եւ իրօք ալ իրեն ան մրափը իր տղայութենեն ի վեր ամէնուն քունին տեղ կը բռնէր, եւ որ իրեն համար բաւական էր քսանչորս ժամ պատերազմելու եւ քառասունութ ժամ քալելու:
ԳԼՈՒԽ Ե ԴԻՈՆԻՍ
Այս փոքրիկ տան անմիջապէս կից տուն մը կար, որու մէկ սենեակը միայն տեսանք մենք` սենեակ կամ մատուռ աղջկան մը սիրոյն, որ գաղտնիք մ՚էր ամէնոմէ համար բացի ծեր Գիոնիսեն, որ աս որբ աղջկան ոչ միայն բժիշկ, այլեւ խնամակալ, խորհրդական, սրտակից վարժապետ եւ հայր եղած էր միանգամայն:
Դիոնիս տկար եւ նիհար մարմնոյ մէջ կորովի սիրայ ունէր եւ մեծահանճար գլուխ մը, ի բաց առեալ իր արհեստը, որ զինք ուսմանց եւ գիտութեանց տարեր էր ի տղայ տիոց, իր զանազան ճամփորդութիւնքը ի Փոքր Ասիա, յարաբիայ, հեգիպտոս եւ հասորեստան իր միտքը ընգարձակեր եւ հարստացուցեր էին, եւ դիտող ու հետաքննին բնութենեն ամէն գաղտնեաց պատճառը փնտրելով, մոռցեր եւ թերեւս արհամարհէր էր սրտի զգացմունքները: Եւ վերջապէս, երբ յոգնած եւ տկարացած երկար եւ բազմամեայ պանդխտութիւններէն Բիւզանդիոն դարձեր էր, իբրեւ թէ յանկարծ աչքերը բացուէր էին տեսնելու եւ իմանալու թէ ժամանակը անցէր էր. ուստի փիլիսոփայաբար որոշէր էր իր միայնութիւնը ուսմամբ մխիթարել, եւ իր արհեստին պատճառաւ Ալեքսիսի` Եւփիմէի հօր հետ վերաբերութիւն ունենալով քիչ-քիչ անոր բարեկամաբար եւ եղբայրաբար կապուեցաւ, անոր ընդարձակ պալատին մէջ իր սենեակները ունեցաւ, եւ առանց զգալու ան մարդը, որ կարծէր թէ ընտանեաց սէր, զաւկի սէր իր սիրտը մուտք պիտի չունենային, իր սիրտը գորովալից գտաւ անոնց ամէնուն համար, որ Ալեքսիսի էին. անոր կինը իր քոյրն էր, անոր որդիքը իր ալ հարազատ զաւկներ եզան, եւ ազատ սիրտ ունեցող կարծեցողն օր մը տեսաւ թէ իր խեղճ սիրտն ալ գերի էր տղոց ճչերուն, խնդալուն, տխրութեանց եւ ուրախութեանց, եւ ինքնաբերաբար քարոզ եւ դաստիարակ եղած էր անոնց բարոյականին, ինչպէս բժիշկ եւ խնամածու էր անոնց կենսականին: Իր աս պարտաւորութիւնննրը կրկնապատկեցան, երբ Ալեքսիս իր մահուան անկողնին մէջ ծեր բարեկամին յանձնէք իր ընտանիքը: Ալ ան օրէն վերջը Դիոնիս տան հայրը եղաւ, եւ տեսանք թէ ինչպէ՛ս ոչ միայն անոնց պիտույից այլ նաեւ անոնց ամէն քմոյշներուն կը ծառայէր, եւ Եւփիմէ իր ազնիւ բնաւորութեամբն ու կարեկից սրտովն բռնաւոր մ՚էր խեղճ ծերուն գլխուն, որ նորա կամաց հակառակիլ չէր գիտէր, եւ անձնասէր ծերութիւնը ժամանակ չէր գտնէր իր բերմանն հետեւելու: Ուստի ինչ որ Եւփիմէ կուզեր, Դիոնիս կը կատարէր. եւ որովհետեւ իր արհեստին եւ ուսմանց համար մեծ համբաւ ունէր եւ ծանր պարագաներու մէջ կը փնտրուէր թէ կայսերական եւ թէ մեծատոհմ ընտանիքներէ եւ ամէնքը զինք կը յարգէին, ուստի կրցեր էր յաջողիլ իւր ազդեցութեամբս ու խնդրանոք զմեր Թորոսն ալ բանտեն ազատել, եւ այդ տան մէջ, որ անյայտ մաս մ՚էր Եւփիմէի պալատին` տեղաւորել:
Այս ընդարձակ բնակարանին նկարագիրն ընել աւելորդ է: Ժամանակին շռայլութիւնը ինչ-որ սովորութիւն ըրած էր զարդարելու համար մեծամեծաց պալատները, ընդարձակ ոսկեձեղուն սրահներ եւ սենեակներ պատկերներով, գորգերով, բազմոցներով հոն աւելիով կը գտնուէին եւ բնական է, որ տարիներով ընդարձակ գաւառի մը կուսակալ իր կողոպուտները մայրաքաղաքին մէջ վայելէ: Ուստի Ալեքսիս Ծերակոյտի անդամ անուանեալ եւ իր քաղցր բնաւորութեան համար կայսեր սիրելի` տանը շքեղութիւնն ու պերճանքը մեծ պարտաւորութիւն կը համարէր, մանաւանդ որ իր հայ թագաւորազն կինը ամէն բանէ աւելի գոհ ընել կուզեր, վասնզի սաստիկ կը սիրէր, եւ նորա մաղձոտ եւ տխուր վայրկեններէն կ'ակնածէր, որ առանց գանգատ մը յայտնելու, հայրենի երկրին յիշատակին` աչքի փայլ մը կ'ունենար, եւ հռանդեամբ` իրաւ շատ քիչ անգամ` իր տղայութեան ձիարշաւները՛ եւ խազերը տարեկից աղջկանց հետ կը յիշէր:
Եւ աս կինը թէպէտ բուն հայրենիքեն վտարանդի, վասնզի իր պապը` Սենեքերիմ, թողէր էր Վասպուրական աշխարհք եւ եկեր էր բնակելու Սեբաստիա, բայց դարձեալ հին հայրենեաց յիշատակներով սնեալ` ինչչափ հեռացել էր, նոյնչափ ալ անոր վրայ սէր ունէր. ուստի իր էրիկը միշտ տխրութեամբ կ'ուտար իրեն հին Հայաստանի ցանցառ նամակները, որ երբեմն-երբեմն իրեն տեղեկութիւն կը բերէին նորա թշուառութեանց:
Ուստի իրեն մխիթարութիւն միայն Կիլիկիոյ Ռուբինեանց յաջողութիւնքն էին, եւ ինչ որ անոնց յառաջադիմութեան համար կը խօսուէր` զինքը գաղտնի ուրախութեամբ կը լեցնէին, եւ Ալեքսիս Թորոսի եւ Լեւոնի քաջագործութեանց լուրերը ինք կը բերէր կատակով եւ միշտ կ'աւելցնէր. «Մեզի համար անհաճոյ, եւ քեզի շատ հաճոյ լուրեր կան դարձեալ»: Իսկ երբ Լեւոն իր զաւակներով գերի բերուեցաւ մեծ քաղաքը, այս կինը սրտի սուգ առաւ եւ կրցած օգնութիւնը ըրաւ եռանդագին, ինչպէս վերը յիշեցինք: Եւ երբ ինքն ալ մեռաւ` Եւփիմէ մնաց միմիայն ժառանգ հայրենի ստացուածոց եւ մայրենի հայասիրութեան: Թէպէտ իր սէրը աւելի հետեւանք կրնար համարուիլ ուրիշ դժբախտ սիրոյ, ինչպէս երբեմն կը յայտնէր Դիոնիս փոքրիկ ժպիտով մը առանց վիրաւորելու իր սանուհին, որ անտարակոյս ոիցէ՛ կատակի կրնար համբերել, երբ ան մարդեն կ'ուգար. եւ աններելի կը համարէր այնպիսի զաւեշտի ստուեր մը նաեւ թէ ուրիշը համարձակէր յանդգնէր: Վասնզի այդ չքնաղ եւ արքունի կերպարանքին փափութեան եւ մտաւորական սրամտութեան ներքեւ բուռն եւ խրոխտ բնաւորութիւն մը կար, որ կարելի էր կոտրտել եւ փշրել, բայց ոչ երբեք ծռել եւ հակել. եւ ծերուն բոլոր խրատները ու հայրական յորդորները անօգուտ կը լինէին, երբ իր լուսալիր աչքերը հրալիր կը դառնային շանթահարելու համար իր կամաց ընդդիմահարները: Բայց ժամանակը եւ բախտին խիստ հարուածները, որ իր երիտասարդ տարիքին վրայ բռնացան, սկսած էին զինք համոզել իր խնամակալին խորհուրդներուն ջանալ զիջանիլ, եւ աւելիդ խոհեմութիւն ունենալ մեր այս պատմութեան օրերուն: Ուստի երբ Եւփիմէ անմիտ, յամառ եւ անիրաւ վիճաբանի մը կը պատահէր եւ կը զգար հրալից ամպը, որ ճակտին վրայ կը դիզուէր, կը լռէր եւ իր դաստիարակին ժպիտ մ՚արձակելով կ'առնէր կը քալէր, եւ հանդարտութիւնը հասնելեն վերջը դարձեալ կ'ուգար ի կռիւ, բայց ալ զէնքերը փոխուած էին, իր սուր միտքը փոխանակ շանթերու` թունաւոր նետեր կ'արձկէր, հեգնութիւն եւ երգիծանք կը սրանային իր շրթունքներէն: Եւ դարձեալ այս ամէն բնաւորութեան խստութեամբ ալ թէ որ կանայք փախչէին իսկ իր ընկերութենեն, էրիկ մարդիկ գիտնալով ալ թէ անխոց պիտի չելնեն իր պալատեն` դարձեալ կը վազէին փափագով իր տեսութեան: Այսչափ զօրաւոր են կը նկան մը գեղեցկութեան հրապոյրքը:
Ուստի նոյն գարնան երեկոյին, Բիւզանդիոնի վճիտ երկնքին լիալիր լուսնով մը, նստած էին Եւփիմեայ մեծ սրահին յարակից կախաղանաւոր կիտրոն եա պարտիզին մէջ քանի մը հիւրեր Օրիորդին բազմոցին շուրջը: Իսկ նա իրենց սիրաշունչ շողոքորթութեանց այնպիսի ժպիտներով կը պատասխանէր, որ անկարելի էր որոշել թէ հաճույի՞ց էին արգասիք եթէ արհամարհանաց: Վերջապէս երիտասարդ մը, որու սնապարծութիւնը հագուստներէն կը վազեր, որու պչրանքը հոգուոյն նուաստութեան հայելին էր, սրտնեղութեամբ ոտք ելաւ եւ կիսով գլովսը դէպ Օրիորդը դարձնելով
– Զարմանք է, – ըսաւ, – որ Կոմնենոսի մը նաեւ ձեր գեղեցկութիւնը անուշ բառ մը չունի պատասխանելու, արքայազուն մըինձի պէս, որ կայսերական պատուանդաններուն վրայ է իր ծննդեամբ, թերեւս շատ նուաստացաւ հաճոյանալու համար ձեզի:
Եւփիմէի առաջին շարժմունքը նետի հարուած մը ընդունող առիւծին էր, եւ հազիւ թէ իր գեղեցիկ ճակատը ցնցեց եւ աչքերը փայլակեցին, միտքը եկաւ թէ իր բախտը իրեն կը սպասէր եւ ինք երջանիկ էր, ուստի ելաւ հանդարտ ձեւով`
– Ներէ, արքայազն իշխան, թէ որ ես անզգայ կը գտնվիմ ձեր կատարելութեանց, որոնց բարձրութիւնը մէկը չի կրնար ուրանալ. ուստի ձերն է յանցանքը թէ որ ձեզի հաւասարները չի փնտրեցիք:
Եւ այս խօսքերը ազնուական ծանրութեամբ մը զրուցելեն վերջը` նոյնպէս զամենքը ողջունելով, գլուխը բարձր` թագուհուոյ մը պէս իր սենեակները քաշուեցաւ, ուրախ, որ դիւրութեամբ ազատեցաւ ընկերութենէ մը, որ զինքը կը ձանձրացնէր, ուրախ գտնելու համար ան ընկերութիւնր, որուն համար սիրտր կը տրոփէր:
Իսկ նոքա, որ մնացին` մեղադրեցին Իսաք Կոմնենոս, որ այնպիսի նախատանոք եւ կոպտութեամբ վարուեցան գեղեցիկ Օրիորդին հետ, եւ ղրկեց զիրենք անոր ընկերութենեն: Իսկ Դիոնիս որ անշշունջ կը դիտէր աս ամէն եղածները, զիրենք ամէնն ալ ճամփայ դնելեն վերջը, ուղղուեցաւ գտնելու իր սանուհին, որ իրեն կը սպասէր եւ որ զինք տեսածին պէս, մէկեն դիմաւորելով «ի՞նչ է կարեւոր զրուցելիքդ», ըսաւ:
– Իմ զրուցելիքս հարցմունք մ՚է, ի՞նչ է քու միտքդ հայ երիտասարդին համար:
– Այս հարցմունքդ զիս կը զարմացնէ, դու լաւ գիտես իմ միտքս:
– Անոր միտքն ի՞նչ է:
– Անշուշտ իմ միտքս ինչ որ է` անորն ալ նոյնը պէտք է ըլլա:
– Խնդրեմ ուրեմն ես ալ մէկ մը տեսնվիմ իրեն հետ եւ իր բերն են լսեմ եւ ըստ այնմ շարժիմ:
– Վտանգ մը կա՞յ արդեօք, շուտ մը ինձի զրուցէ:
– Շատ անհամբեր ես, զաւակս, դու իմ ըսածս ըրէ:
Եւփիմէ առանց ժամանակ անցնելու աս վերջի խօսքերուն վրայ մէկեն սրացաւ սենեակէ սենեակ եւ գաղտնի դուռը բանալով, տեսաւ, որ Թորոս ոտքի վրայ իրեն կը սպասէր. առանց ամենեւին խօսելու ձեռքեն բռնեց եւ շիտակ հոն տարաւ, ուր Դիոնիս նստած կը մտածէր, եւ երբ երկուքն ալ իր առշեւը կանգնած տեսաւ, առանց կերպարանքը փոխելու եւ առանց շարժմունք մը ընելու միայն իր սուր աչքերը Թորոսին վրայ ուղղելով`
– Եւփիմէ զրուցած է քեզի իմ ով ըլլալս, ինք իմ զաւակս է, ուրեմն պէտք է ինձ միտքդ շուտով յայտնես:
Այս առանց յառաջաբանի լակոնական հարցմունքին հետեւանքը թէպէտ երկայն էր, բայց Թորոս մէկեն, մէկ նայուածքով դատեց դիմացի մարդը, հարցմունքին նշանակութիւնը եւ մօտակայ վտանգ մը:
Ուստի առանց դանդաղելու պատասխանեց.
– Թէ որ Օրիորդը այսչափ գեղեցիկ եւ սիրելի յատկութիւններ ալ չունենար, միայն ինձի ըրած բարերարութիւնքն բաւական էին ինչ որ ունիմ` իմ անձս իրեն նուիրելու:
– Բաւական է, ազնիւ երիտասարդ, ես ալ քեզմէ սա պատասխանին կը սպասէի: Հիմա նստէք եւ մտիկ ըրէք, որ ըստայնմ շարժինք: Վտանգ մը կայ, եւ վտանգը քու ազգայիններեդ մէկեն կը հասնի, որ երբեմն քու հօրդ բերդակալն է եղեր եւ շատ ալ վտանգաւոր մարդ, 1ւ հիմա Պոլիս կը գտնուի ծպտեալ ու ոստիկանութեան լրտեսները զինք ճանաչէր են եւ իրեն հետքը նաեւ գտեր. աս գիշեր խորհուրդ ալ կայ զինք ձերբակալելու. բայց այս դիպուածեն վերջ կայսեր շնորհքին վրայ վստահիլ անկարելի է եւ մեծ անխոհեմութիւն. ուրեմն դու ի՞նչ կը մտածես, ի՞նչ պիտի ընես:
– Դեռ հիմա աս վայրկենիս կ'իմանամ մօտալուտ վտանգը, թէ որ կարելի է փախիլ` հիմա փախինք, կ'ըսեմ: Բայց ո՞րն է ապահով ճամփան:
– Հիմա ապահով ճամփան սա տունը չի կենալն է, եւ ամիսի մը չափ ժամանակ ծածկուիլն ու ոստիկանութեան կարծեցնել թէ դու փախած ես:
– Ես բանտէ նոր ելած` աս ընդարձակ քաղաքին ոչ լաւ տեղեակն եմ եւ ոչ ծանօթ մը ունիմ. ինչ որ ըսես, կը կատարեմ:
– Լաւ, ուրեմն պատրաստուի շուտով դու եւ ծառադ: Զգեստդ եւ յունարէնէ կատարեալ գիտութիւնդ զքեզ չեն մատներ. խոհեմութիւն քեզի չեմ յիշեցնէր. ես զքեզ կը ճանչեմ: Հիմա ուրեմն պէտք է ճամփայ ելնես:
Ելաւ ծերուկը եւ դռան մօտենալով «Լազա՜ր» կանչեց: Մէկեն երեւցաւ արդէն մեզ ծանօթ տնտեսը:
– Պատրա՞ստ է ամէն բան:
– Այո՛, տիար:
– Ուրեմն, – ըսաւ Թորոսի, – քու ծառադ ալ պէտք է պատրաստուի:
– Ան միշտ պատրաստ է, – պատասխանեց Թորոս եւ շտկուիցաւ դէպի դուռը: Իսկ Եւփիմէ առանց մէկ բառ մը կորսնցնելու, մէկ մը ծերուն, մէկ մը Թորոսին կը նայէր եւ առանց Թորոսի թեւը թողլու եկաւ մինչեւ նորա սենեակը, եւ փոքրիկ կապոց մը շինելով ստկի ու ճերմկեղէնի կը սպասէր` երբ Բաբկէն իր տիրոջ հետ վեր ելաւ: Եւփիմէ առանց բան մը զրուցելու կապոցը Բաբկէնի ձեռքը տուաւ. անկից վազեց Լեւոնի կախուած սուրը առաւ, Թորոսի երկնցուց, որ ան սիրուն ձեռքը իր շրթանց տանելով սուրը առաւ մէջքը կապեց: Եւ ասոնք ամէնը արագ, բայց անխռով կատարուեցան, իբրեւ թէ շատոնց որոշուած լինէին, եւ երեքը մէկեն ծերուն քով գտնուեցան:
– Լաւ, – ըսաւ ծերը, – հիմա, Լազար, նայէ՛ ծառայ, աղախին չի գտնուի դուրսը:
– Մարդ չի կայ, տիար. եւ բոլոր լոյսերը մարած են:
– Աստուած բարի յաջողութիւն տա ձեզի, – ըսաւ ծերը եւ Թորոսի ձեռք տուաւ, որ նոյնպէս ձեռքով պատասխանեց:
Եւ երբ սենեկին դռան քով եկաւ, դարձեալ պագաւ Եւփիմէի ձեռքը, որ մինչեւ ան վայրկեան բառ մը բերն են չէր հանած եւ միայն այն ատեն աչքերը արցունքով` «Աստուած հետդ ըլլա» ըսաւ. իսկ Թորոս մեյ մը երկինք նայեցաւ, մ՚եյ մ՚ալ անոր, եւ գլուխը դարձուց դէպ իր ճամփան, ամենայն արագութեամբ, ծածկելու համար սրտին յուզմունքը. Բաբկէն անշշունջ կ'երթար իբրեւ իրեն շուքը:
Պալատին մէկ պզտի դռնեն Լազար սիրենք դուրս հանեց, եւ լուռ անձայն փողոցներու մէջեն արագ-արագ կ'երթային այս երեք անձինքը, երբ իրենց քովին կ'անցնէին խաւարի եւ անզգամութեան արբանեակներ. մինչեւ որ իրենց սահմանեալ տեղը իջան քանի մը գիշերապահ խմբիկներ ալ եղան, որ իրենց հարցմունք ընելու եթէ պատրաստուէին, Լազար անոնց գլխաւորին ականջեն բան մը զրուցելով ճամփայ կ'առնէր, մինչեւ հասան տան մը դռան առջեւ. հոն Լազար բանալի մը հանելով դուռը բացաւ եւ իր ընկերները ներս մտցնելով դուռը կամացուկ մը գոցեց:
– Շնորհէ ձեռքդ, իշխանդ իմ, – ըսաւ, – որ աս մութուն ձեզ առաջնորդեմ, եւ Թորոսի ձեռքն առնելով տարաւ սենեակ մը. Բաբկէնի համար դժուարութիւն չի կար, վասնզի մութուն ալ կը տեսնէր. «Դուք հոս նստէք» ըսաւ Լազար եւ աներեւոյթ եղաւ: Իսկ մեր երկու հայերն մնացին մթութեան եւ խաւարի մէջ, գոնէ Թորոս գիտէր թէ ինչ բանի համար էր այս գիշերային փախուստը. երբ Բաբկէն, որ կարծէր գուշակել` ինքնիրեն կ'ըսէր. «Իշխանիկս աս գիշեր աչք գոցած չէ, ես լաւ քնացա… արդեօք Կ'ոստանդնի գալը իմացա՞ծ են. երբ այդպէս է, իրաւ աս հոռոմները սատանայ են. ես չի կրցայ ճանաչել, անոնք ինչպէ՞ս ճանաչեցին… հիմա ո՞ւր կ'երթանք, անտարակոյս պիտի տեսնենք… հոռոմ աղջիկը իրաւ գեղեցիկ է… բայց ան սուր աչուի, մեծճակատ ծերը ո՞վ էր… է՜հ, Բաբկէն, ամէն բան կիմանանք… աստուած տար յաջող լինէինք, մէկ մը մեր Սեւ լեռը գտնէինք…»:
Այսպէս կը խորհրդածէր Բաբկէն, երբ Լազար երեւցաւ` «Երթանք, տիար իշխան», ըսաւ: Քանի մը քայլ առնելով դուռ մը բացաւ եւ ինքզինքնին լուսնի լուսոյ մէջ եւ ծովեզրը գտան: Երեք ջուխտակ նաւ մը կը սպասէր: Հազիւ թէ տեղաւորեցան` նաւը սկսաւ սուրալ պատռելով ծովը` թողլով աջ կողմը մայրաքաղաքին եւ ձախ կողմր Ղալաթիոյ ափունքը, քանի մը ձկնորսի նաւեր եւ քանի մը պահնակ նաւեր միայն կային ծովուն վրայ, որոնց մէկ հատը միայն մօտենալով նաւուն եւ Լազար իր նշանի բառը տալով ազատ իրենց ճամփան կը շարունակէին նաւուն գլուխը դէպի Վոսփոր միշտ ուղղելով: Կ'անցնէին շարունակ եւ ետ կը ձգէին այսօրուան Պեշիքթաշ, Օրթագեղ, Առնաւուտ գեղ եւ կարգաւ արուարձանաց շարունակում թիւնքը դէպի վեր, մինչեւ որ հասան Թարաբիայի ծովեզրը տան մը առջեւ եւ հոն նաւակը կեցաւ: Ան ատեն Լազար ելաւ ցամաք եւ ձեռամբ հրամցնելով զթորոս, որ ցատկեց ելաւ նաւեն Բաբկէնի հետ, նաւավարներուն քանի մը խօսք ըրաւ ու ճամփեց: Հոն ծովեզրը զիրենք թողլով պտոյտ մը ըրաւ, մտաւ տան քովի ճամփան, զարկաւ ցած երկաթապատ պատուհան մը, եւ պառաւ կին մը ձայն տուաւ ներսեն. երբ իր անունը տուաւ` «Աստուածածին, – ըսաւ կինը, – այս ատեն, Լազար, ի՞նչ կ'ուզես»:
– Բա՛ց, մայրիկս, – ըսաւ ձայնը, – հիմա խօսելու ժամանակ չէ, զովը զմեզ սառեցուց:
Պառաւը նիգերը խախտեց, եւ քովնտի դուռը բացուեցաւ: Լազար ներս մտնելով նշանացի լռութիւն հրամայեց պառաւին, եւ կանթեղը առնելով ձեռքեն հիւրերը ներս մտուց եւ դռնապանի բնակարանը թողլով, շիտակ զիրենք մաքուր սենեակ մը հանեց, ուր անկողին ամենայն ինչ պատրաստ կար իրենց պիտույից համար:
Գիշերը յառաջացեր էր, լուսինը լիալիր կը թագաւորէր երկնքին վրայ եւ հանդարտ ընթացքը կը շարունակէր, ծովը հանդարտ նոյնպէս, իբրեւ թէ երբեք ալեկոծութիւն չէր ունեցեր. բնութիւնը վերջապէս իր բոլոր գեղեցկութեամբ զարդարեալ խաղաղութեան կերպարանքն ունէր. Թորոս պատուհանին առջեւ նստած կը նայէր, բայց տեսարանին գեղեցկութիւնը ոչ կը տեսնէր, ոչ կը զգար, այլ նամանաւանդ թէ ատելի կ'երեւար իրեն ամէն բան, եւ դժուար էր որոշել եթէ վերահաս վտանգը՞ արդեօք թէ գեղեցիկին երեսեն հապճեպ աքսորն էր, որ իրեն ծանր կը թուեր, բայց ստոյգն հոն էր, որ լուսինը արիւնագոյն կ'երեւէր աչքին, ծովը պղտոր հայելի մ՚էր, ծաղիկները հոտ չունէին, եւ սոխակը, որ վար գերուն մէջ կը դայլայլէր մահուան երգի պէս ատելի էր իրեն, վասնզի Եւփիմէ չի կար: «Աւա՜ղ, ուրեմն առանց անոր հայրենեաց փրկութիւնն նաեւ իմ սրտիս չպիտի քաղցրանա՜յ», մրմնջեց եւ շտկուեցաւ դէպ անկողին, երբ յանկարծ միտքը եկաւ Բաբկէն, որ հոն կեցէր էր արձանի պէս. միտքը նաեւ եկաւ թէ քանի որ դուրս ելած էին իրենց տանեն ոչ բառ մը նա արտասանած` եւ ոչ ինք իւր պապանձման մէջ խօսք մը անոր ուղղած էր. թէպէտ սէրը խիստ, նախանձոտ եւ անողոք խորհրդական մ՚է եւ կը մերժէ ամէն բան, որ սէր չէ, բաց Թորոս շատ մեծ սիրտ ունէր մոռնալու համար այդ ազնիւ մարդուն հաւատարմութիւնը իրեններուն եւ իրեն. ուստի ճամփան փոխեց եւ անոր մօտենալով` «Բաբկէ՛ն հայրիկ. դու ի՞նչ կը խորհիս աս մեր դիպուածին», ըսաւ դառն եւ մտերմական ժպիտով մը միանգամայն:
– Ի՜նչ զրուցեմ, իշխանիկս, վտանգ մը թէպէտ կ'երեւայ մեր փախուստ են, բայց կը թուի նաեւ թէ յաջող ելք պիտի ունենանք, վասնզի մինչեւ հիմա կոտրած, թափած չուն ինք: Ոչ թշնամին զմեզ հալածեց եւ ոչ ճամփանիս կտրեց. ու սուրը պատեանեն հանելու չի պարտաւորեցանք:
– Ճշմարիտ է, Բաբկէն, թէ վտանգաւոր դիպուածներ կրնայինք ունենալ, բայց հազիւ թէ բանտեն ելած` բանտի սպառնալեաց ներքեւ գտնուիլ շատ ծանր է: Հաւերը կը խօսին. արշալոյսը մօտ է, երթանք քնանալ, քու անկողինդ…
– Ո՜հ, իմ անկողինս հոն է, ուր որ բազմոց մը կայ, աստուած քեզի հանգստութիւն տա, իշխանիկս:
Թորոս հազիւ թէ անկողին մտաւ, քունն ալ իր աչաց վրայ ծանրացաւ, վասնզի յոգն ու յոգնածութիւն այն տարիքին մէջ քուն չեն վտարէր նամանաւանդ թէ կ'անուշացնեն: Երբ արթնցաւ, արդէն արեգակը իր ճառագայթներով երկնքի վրայ կը թագաւորէր եւ բնութիւն բոլոր ոտքի վրայ էր: Նոյնպէս Բաբկէն դուրսի սենեակը արեւուն հետ ելած անձայն եւ անշշունջ կը պտտէր եւ առանց երեւալու ձկնորսներու, նաւավարներու, ծովու եւ ցամաքի անցորդներու երթեւեկը ու իրենց օթեւան ած ամառանոցը կը գիտէր, եւ ակռաները կճրտելով` «Անիծեալ քաղաք, նզովեց քաղաք, հիմնահատա՛կ ըլլաս». կը մռմռար: Եւ վերջը երբեմն աչք մը կը ձգէր կապոցին, որ Օրիորդը իրեն յանձնած էր իր այլայլութեան մէջ առանց բառ մը զրուցելու, «Մեր Տիկինը, աստուած լուսաւորէ հոգին, երբեք ինձի այդպիսի ամբարտաւան աչք ձգած չունէր, Բաբկէն հայրիկ, հոգիս, հայրիկ, Ռուբենս քեզ եմ յանձնէր, նայէ՛, կրակոտ է… Թորոս խելօք է, բայց տղայ է…» մեղր կը վազեր շրթունքներէն, ան մեռաւ, մեր բախտը դարձաւ, վերջի անկողին ընկնիլն էր. նորէն ինձի յիշեց, յանձնեց եւ աչքերը իր խոշոր ձեռքերով բռնեցի, կը սրբէր: «Ո՞ւր է անանկ տիկին… աս հոռմի կանանց քիթն երկինքն է…»: Եւ Թորոսի ներսը ոտքի ձայնը լսելով` տղու մը պէս աչքերը դարձեալ լաւ մը շփեց ու սենեակը մտաւ, գնաց:
ԳԼՈՒԽ Զ ԱՌԻՒԾԻՆ ԿՈՐԻՒՆԸ ԱՌԻՒԾ է
Մենք տեսանք, որ Եւփիմէ մինչեւ վերջը առանց դիմադրութեան կամ խորհրդածութեան բառ արտասանելու օգնէր էր նաեւ Թորոսի փախստեան, վասնզի իւր սրամտութիւնը վտանգը յայտնէր, նշմարէր էր: Բայց երբ սրահներու մթութեան մէջ տեսաւ թէ իր սիրելին անհետացաւ` «Ո՛հ, աստուած իմ», ըսաւ եւ բազմոցի մը վրայ ընկաւ երկու ձեռքերն երեսին վրայ սքօղելով, իսկ Դիոնիս անխռով մօտենալով
– Եւփիմէ՛, – ըսաւ, – տխրութեանց եւ արտասուաց ժամանակ չէ, քա՛ջ եղիր, որպէսզի կարէնանք կատարեալ վտանգին առաջն առնուլ:
– Դեռ վտանգ մնա՜ց ուրեմն, – ըսաւ աղջիկը սոսկումով:
– Անշուշտ` թէ որ անհոգ նստինք, ոչինչ` թէ որ աշխատինք:
– Բայց չեմ գիտէր թէ ի՜նչ պէտք է ընել:
– Ես ամէն բան պատրաստէր եմ, անհոգ եղիր, միայն զիս մի շփոթէր:
– Ո՛հ, ինչպէ՞ս կ'ուզես, որ անհոգ լինիմ, երբ իմ Թորոսս կորսուի:
– Թորոս կորսուած չէ, եւ վաղը ես ձեր պսակը կատարել պիտի տամ:
– Ի՜նչ կը զրուցես…
– Այո՛, այդ արարողութիւնը գրաւական մ՚է քու ապագայ երջանկութեանդ համար, եւ ո՛յ գիտէ թերեւս զէնք մ՚ալ է ապագային անկարծելի արկածից համար:
– Բայց ես Թորոսին վրայ ամենեւին կասկած չունիմ:
– Ես ալ չունիմ, մանաւանդ թէ շատ համարմունք ալ ունիմ. բայց ժամանակը, պարագաները, բախտին փոփոխութիւնները մարդկային խեղճ սրտին վրայ շատ եւ անկարծելի ազդեցութիւններ ունին: Ես չեմ կրնար իմ Եւփիմես` իր պատիւը, իր ստացուածքը, իր գեղեցկութիւնը երիտասարդութեան փոփոխամտութեան անձնատուր ընէի պսակի արարողութիւնը բաւական գրաւական մ՚է:
– Ես բոլորովին քու կամացդ հետեւելով ալ` չեմ կրնար մոռնալ ամէն օրուան պսակներու ոչնչանալն պատրիարքական վճիռներով:
– Մեր եկեղեցին շատ թուլացուցած է ամուսնութեան կանոնաց խստութիւնը, բայց հայոց մէջ այդպէս չէ. Անուոյ թագաւորներն նաեւ գիտեմ թէ ամուսնութեան կանոնաց անհնազանդ գտնուելու յանդգնութիւն շատ քիչ անգամ ունեցեր են: Բայց ժամանակ կորսնցնել պէտք չէ:
– Ես քեզի արգելք չեմ, հայրիկ, ըրէ՛ ինչ որ կ'ուզես:
Ծերը շուտ մը ելաւ ծառայ մը կանչեց, ապսպբեց Թորոսի տան ծառայող երկու անձինքը առնուլ` դեռ չի լուսցած` նաւակ մը դնել Թարապիայ տանիլ. երկու որմնագործ, որ արդէն իր հրամանին կը սպասէին` բերել տուաւ եւ գաղտնի դուռը ամրացնելեն վերջը հռոմայեցի ծեփով (որու գաղտնեաց հմուտ էր ինք) որմնել տուաւ ներսեն եւ անմիջապէս նստաւ թուղթ մը գրեց բարեկամ հայ վարդապետի մը, ուսկից կը խնդրէր ծպտեալ իր ցոյց տուած ժամատեղն գտնուիի եւ երբ այս ամէն բանն կարգադրեց ու կատարեց` բարի գիշեր մաղթելով իւր սանուհուոյն, գնաց իր սենեակը, քաշուեցաւ քնանալու:




